Ի՞նչ բան առաջին տեղը կը դնես
1 Այս հարցումին ի՞նչպէս կը պատասխանես։ Անշուշտ բոլորս կը փափաքինք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել։ (Մատթ. 6։33) Բայց կրնանք հարց տալ. ‘Ընտրութիւններս ցոյց կու տա՞ն թէ ասիկա կ’ընեմ’։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորն. 13։5) Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ քննել, տեսնելու համար թէ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը կը դնե՛նք կամ ոչ։
2 Մեր ժամանակը. Կրնանք սկսիլ՝ քննելով թէ մեր ժամանակը ի՛նչպէս կը գործածենք։ (Եփ. 5։15, 16) Իւրաքանչիւր շաբաթ ո՞րքան ժամանակ կը յատկացնենք մեր սիրած զբաղմունքին, ընկերային այցելութիւններ ընելու, հեռատեսիլ դիտելու կամ համացանցը գործածելու։ Եթէ այսպիսի բաներու մեր տրամադրած ժամանակը գրի առնենք եւ զայն բաղդատենք հոգեւոր գործունէութիւններու մեր յատկացուցած ժամանակին հետ, թերեւս զարմանանք։ Երկար ժամեր կ’աշխատի՞նք սրբազան ծառայութեան հաշւոյն, պարզապէս պերճասէր կեանք մը վարելու համար։ Ո՞րքան յաճախ ժողովները կամ դաշտի ծառայութիւնը կը զոհենք՝ շաբաթավերջերը պտոյտի երթալու համար։
3 Նախապատուութիւններ դիր. Գրեթէ բոլորս բաւարար ժամանակ չունինք մեր սիրած բոլոր բաները ընելու։ Ուստի Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու համար, մեր նախապատուութիւնները պէտք է արժեւորենք, ապա «աւելի կարեւոր բաներ»ուն համար ժամանակ յայտագրենք։ (Փիլ. 1։10, ՆԱ) Անոնք կը պարփակեն՝ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել, ծառայութեան մասնակցիլ, մեր ընտանիքին հոգ տանիլ եւ քրիստոնէական ժողովներուն յաճախել։ (Սաղմ. 1։1, 2. Հռովմ. 10։13, 14. Ա. Տիմ. 5։8. Եբր. 10։24, 25) Այլ գործունէութիւններ, ինչպէս՝ չափաւոր մարզանքը եւ առողջ զբօսանքը, օգտաշատ են։ (Մար. 6։31. Ա. Տիմ. 4։8) Բայց այս նուազ կարեւոր բաները երկրորդական տեղը պէտք է պահենք։
4 Երիտասարդ եղբայր մը ջանաց Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելով, փոխանակ բարձրագոյն ուսման հետամուտ ըլլալու՝ առ ի պատրաստութիւն աշխարհիկ ասպարէզի մը։ Ան օտար լեզու մը սորվեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կար։ Ան ըսաւ. «Հոս կեանքիս լաւագոյն օրերը կ’անցընեմ։ Ծառայութիւնը շա՜տ թարմացուցիչ է։ Կը փափաքիմ որ ամէն պատանի ըրածս ընէ եւ զգացումներս բաժնէ։ Մեր ամբողջ ունեցածով Եհովայի ծառայելէն աւելի լաւ բան չկայ»։ Արդարեւ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելը օրհնութիւններ կը բերէ, բայց ամենակարեւորը, մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան կը հաճեցնէ։—Եբր. 6։10