Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Նոյեմբեր 13–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք, եթէ տանտէրը ըսէ. «Ես արդէն ձեր գործունէութեան քաջածանօթ եմ»։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 20։
20 վյրկ. ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԻ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին վրայ, էջ 77–էն մինչեւ էջ 83–ի ենթագլուխը։
15 վյրկ. «Համարձակ բայց՝ խաղաղասէր»։ Պարփակէ կարգ մը կէտեր Ծառայութեան դպրոց գիրքէն, էջ 252-253, «Ե՛րբ տեղի տալ» շեղագիր ենթագլուխին ներքեւ։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 20–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ՝ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐԴԸ ԳԻՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Ներկաներէն խնդրէ որ խօսին թէ Մեծագոյն Մարդը գրքին ո՛ր երեսակները կը սիրեն եւ զայն ներկայացնելով ի՛նչ ուշագրաւ փորձառութիւններ ունեցած են։ Վերաքաղ ըրէ Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին բովանդակած ներկայացումի նմոյշները։ Ցուցադրէ գիրքը ներկայացնելու կերպը, գործածելով ներկայացումի նմոյշ մը կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացում մը։
Երգեցողութիւն թիւ 150 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 27–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 123
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։
10 վյրկ. ՄԻՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՌՈՒՑԱՆԵԼ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2006 թիւին վրայ, էջ 17-21 (Անգլ.)։
15 վյրկ. «Պարբերաթերթի ներկայացում մը ի՛նչպէս պատրաստել»։ Պարփակէ երեք վայրկեան տեւող ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ երկու հրատարակիչներ՝ թերեւս ամոլ մը, էջ 8–ի Դեկտեմբեր ամսուան պարբերաթերթերու մէկ ներկայացումը կ’ընտրեն եւ կ’որոշեն թէ ի՛նչպէս զայն իրենց բառերով գործածեն։ Անկէ ետք, բաժինին նշած թելադրութիւնները գործածելով, անոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կը պատրաստեն ու կը ներկայացնեն իրենց թաղամասին համար այժմէական եղող այլ յօդուած մը։
15 վյրկ. «Արեան կոտորակները եւ արիւնս պարփակող բժշկական գործընթացները ի՞նչպէս կը նկատեմ»։ Հարց–պատասխանով քննարկութիւն եւ ցուցադրութիւն։ Այս բաժինը ներկայացնող երէցը սերտօրէն պէտք է հետեւի մասնաճիւղին հայթայթած ուրուագծին։
Երգեցողութիւն թիւ 59 փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 4–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. «Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է»։ Ժողովքը քաջալերէ որ գիրքին մասնայատուկ երեսակներէն օգտուին, ինչպէս՝ շրջանակներէն ու լուսաբանութիւններէն։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի գործածութեամբ դասի վերաքաղը պէտք է ըլլայ։
20 վյրկ. ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ՏԱԼՈՒ ԱՏԵՆ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԳՈՐԾԱԾԷ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 2002 թիւին վրայ, էջ 13-14, «Մեր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն հանդէպ սէր ցուցաբերել» ենթագլուխին ներքեւ։ Ներկաներէն խնդրէ որ իւրաքանչիւր հարցումին պատասխանեն։ Թող հրատարակիչ մը ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս Պատճառաբանել գիրքը գործածելով՝ աստուածաշնչական պատասխան մը կու տայ իր գործակիցին, որ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ Ծնունդը չես տօներ»։
Երգեցողութիւն թիւ 85 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։