Ծառայութեան մէջ Քրիստոսը ընդօրինակէ
1 Յիսուս մեզի օրինակ ձգեց, որուն պէտք է հետեւինք մեր ծառայութեան մէջ։ Ան բազմաթիւ առիթներով ու կերպերով Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ իր խոր սէրը ապացուցանեց։ Ան հեզերուն սորվեցուց ճշմարտութիւնը եւ տառապեալներուն ու կեղեքուածներուն ի նպաստ հաւատարիմ սիրոյ արարքներ գործեց։—Մատթ. 9։35
2 Յիսուսի օրինակը եւ ուսուցումները. Յիսուս իր նպատակէն չշեղեցաւ՝ հաւաքականութեան օգտին համար քաղաքական հարցերու կամ մարդասիրական ջանքերու միջամուխ ըլլալով։ Ո՛չ ալ ան թոյլ տուաւ որ լաւ դիտաւորութեամբ եղած որեւէ հետապնդում զինք զբաղեցնէ կամ իր գլխաւոր գործը շուքի մէջ ձգէ։ (Ղուկ. 8։1) Ան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու վրայ կեդրոնացաւ, որպէս մարդկութեան խնդիրներուն միակ մնայուն լուծումը։ Յիսուս սահմանափակ ժամանակի մէջ կատարելիք հսկայ գործ ունէր։ Կափառնայումի մէջ երբ մարդիկ ուզեցին որ Յիսուս մնայ, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասն զի այս բանին համար եկեր եմ»։—Մար. 1։38
3 Իր աշակերտները մարզելէ ետք, Յիսուս զանոնք ղրկեց՝ հետեւեալ մասնայատուկ հրահանգները տալով. «Քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’»։ (Մատթ. 10։7) Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պէտք է գրաւեն։ (Մատթ. 6։33) Երկինք համբառնալէ առաջ՝ աշակերտներուն ուղղած Յիսուսի հրաժեշտի խօսքերը բացայայտեցին թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին։ Ան ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը [«ազգերէն մարդիկ», ՆԱ] աշակերտեցէք»։—Մատթ. 28։19
4 Թագաւորութեան կարեւորութիւնը. Յիսուսի խօսակցութեան գլխաւոր բնաբանը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն էր, եւ ան իր աշակերտները յորդորեց որ իր օրինակին հետեւին։ Մարդկութեան խնդիրները լուծելու մարդկային ջանքերը չեն կրնար յաջողութեամբ պսակուիլ։ (Երեմ. 10։23) Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ եւ մարդկութեան համար մնայուն ամոքում պիտի բերէ։ (Մատթ. 6։9, 10) Ներկայիս «եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոց» Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները սորվեցնելը, անոնց կ’օգնէ հիմա իսկ երջանիկ ու յաջող կեանք մը ապրելու եւ ապագայի վերաբերեալ վստահելի յոյսը ամուր բռնելու։—Եզեկ. 9։4
5 Յիսուս կը շարունակէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մէջ գործօն դեր մը խաղալ, եւ ան մեզ կը հաւաստիացնէ թէ մեզի թիկունք կը կանգնի։ (Մատթ. 28։20) Մեր ծառայութիւնը ո՞ր տարողութեամբ ներդաշնակ է Յիսուսի հանդիսացած օրինակին հետ։ (Ա. Պետ. 2։21) Այս նշանակալից վերջին օրերուն, թող մեր ամէն կարելին ընենք որ ծառայութեան մէջ Յիսուսի հանդիսացած օրինակին սերտօրէն կառչինք։