Քրիստոնէական Ծառայութիւնը՝ Մեր Գլխաւոր Գործը
1 Բոլորս այլազան գործեր ունինք, զորս պէտք է ընենք։ Ընտանիքին նիւթական կարիքները հոգալը աստուածային պահանջ մըն է։ (Ա. Տիմ. 5։8) Սակայն, այդ աստուածային պահանջին մէջ պարփակուած գործը, շուքի մէջ պէտք չէ ձգէ Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու գործը։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20
2 Յիսուս ‘առաջ թագաւորութիւնը խնդրելու’ մէջ մեզի օրինակ հանդիսացաւ։ (Մատթ. 6։33. Ա. Պետ. 2։21) Թէեւ նիւթական քիչ ստացուածքներ ունէր, սակայն ան իր Հօրը կամքը կատարելով լիովին կլանուած էր։ (Ղուկ. 4։44. 9։58. Յովհ. 4։34) Ան ջանաց ամէն առիթով վկայութիւն տալ։ (Ղուկ. 23։43. Ա. Տիմ. 6։13) Ան իր աշակերտները յորդորեց որ հունձքի գործին հանդէպ նոյն բուռն հետաքրքրութիւնը ունենան։—Մատթ. 9։37, 38
3 Յիսուսը Ընդօրինակել Ներկայիս. Կրնանք Յիսուսի օրինակը ընդօրինակել, ջանալով պարզ կեանք մը վարել, որ քրիստոնէական ծառայութեան վրայ կը կեդրոնանայ։ Եթէ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ունինք, թող որ այս աշխարհի բարիքները չդիզելու Աստուածաշունչի խրատին անսանք։ (Մատթ. 6։19, 20. Ա. Տիմ. 6։8) Որքա՜ն աւելի լաւ է ջանալ քարոզչութեան գործին մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնել։ Եթէ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք, թող որ Յիսուսի նման ջանք թափենք, թոյլ չտալով որ կեանքի մտահոգութիւնները Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու մեր գլխաւոր գործը շուքի մէջ ձգեն։—Ղուկ. 8։14. 9։59-62
4 Նոյնիսկ բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ ունեցող անհատներ, նախապատուութիւնը քարոզչութեան գործին կու տան։ Եղբայր մը որ մեծ ընտանիք ունի, իր գործին մէջ պատասխանատու դիրքի վրայ է եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ որպէս երէց կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Ծառայութիւնը ասպարէզս կը նկատեմ»։ Ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Ռահվիրայութիւնը աշխարհային յաջող ասպարէզէ մը շա՜տ աւելի արժէքաւոր է»։
5 Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, թող որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ Ի՞նչպէս։ Քրիստոնէական ծառայութիւնը մեր գլխաւոր գործը դարձնելով։