Նախապատուութիւնը Ի՞նչ Բանի կու Տաք
1 Կրօնական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ շեշտ կը դնեն բարեսիրական գործեր ընելու վրայ, ինչպէս՝ աշխարհիկ կրթութեան կամ բժշկական կարիքներու համար կառոյցներ հայթայթել։ Սակայն, Եհովայի Վկաները մինչ «կարօտեալներուն ողորմութիւն» ընելը չեն մոռնար, նախապատուութիւնը կու տան մարդոց հոգեւորապէս օգնելուն։—Եբր. 13։16
2 Առաջին Դարու Օրինակը. Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Քրիստոս շատ մը բարի գործեր ըրաւ, բայց իր գլխաւոր գործը ճշմարտութեան մասին վկայութիւն տալն էր։ (Ղուկ. 4։44. Յովհ. 18։37. Գործք 10։38) Ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ ‘երթան բոլոր ազգերը աշակերտեն, . . . անոնց սորվեցնելով’։ (Մատթ. 28։19, 20) Նաեւ նշեց թէ իրեն հաւատք ընծայողները, իր սկսած գործը աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի շարունակէին։ (Յովհ. 14։12) Յիսուս նախապատուութիւնը քարոզչութեան գործին տուաւ, քանի որ անիկա մարդոց կ’օգնէ որ փրկութեան ճամբան սորվին։—Յովհ. 17։3
3 Պօղոս առաքեալ իր քարոզչութիւնը «պարտականութիւն» մը նկատեց, պահանջք մը որ չէր կրնար անտեսել։ (Ա. Կորն. 9։16, 17) Ան պատրաստ էր որեւէ զոհողութիւն ընելու, որեւէ փորձութեան տոկալու, կամ հարկ եղած որեւէ դժուարութեան դիմանալու, իր ծառայութիւնը կատարելու համար։ (Գործք 20։22-24) Պետրոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցները նոյնանման հոգի մը ցուցաբերեցին։ Ի հեճուկս բանտարկութեան եւ ծեծերու, անոնք «չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։—Գործք 5։40-42
4 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու եւ աշակերտելու գործին նախապատուութիւն կու տա՞նք։ Յիսուսի նման, ‘հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս յոգնած ու ցիրուցան եղած’ անհատներու հանդէպ իսկական հոգածութիւն ունի՞նք։ (Մատթ. 9։36) Աշխարհի ընթացիկ դէպքերը եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները բացայայտօրէն կը հաստատեն թէ այս ամբարիշտ դրութիւնը շուտով վերջ պիտի գտնէ։ Քարոզչութեան գործին կարեւորութիւնը յստակօրէն մեր մտքին մէջ պահելը, մեզ պիտի մղէ որ շարունակենք նախանձախնդրօրէն քարոզել։
5 Ձեր Պարագաները Արժեւորեցէք. Քանի որ մեր անհատական պարագաները յաճախ փոփոխութեան կ’ենթարկուին, լաւ է որ ատեն–ատեն տեսնենք թէ կրնա՞նք վերաճշդումներ ընել՝ քարոզչութեան մէջ լիովին բաժին բերելու համար։ Քոյր մը որ 50–ական, 60–ական եւ 70–ական թուականներուն կանոնաւոր ռահվիրայ էր, հարկ տեսած էր որ վատառողջութեան պատճառաւ դադրէր։ Սակայն, ժամանակ մը ետք, անոր առողջութիւնը բարելաւուեցաւ։ Վերջերս, ան իր պարագաները կրկին քննեց եւ որոշեց դարձեալ ռահվիրայութիւն ընել։ Ան որքա՜ն ուրախ էր որ կրցաւ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցը յաճախել՝ 90 տարեկանին։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Հանգստեան կոչուելու տարիքին կամ շրջանաւարտ ըլլալու մօ՞տ էք։ Երբ ձեր պարագաները փոխուին, կրնա՞ք ռահվիրայութեան ձեռնարկել։
6 Երբ Յիսուս տեսաւ որ Մարթան «սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր», ազնուօրէն թելադրեց որ ան աւելի մեծ օրհնութիւններ պիտի քաղէր, եթէ իրերը պարզ պահէր։ (Ղուկ. 10։40-42) Կրնա՞ք ձեր ապրելակերպը պարզացնել։ Իրապէս անհրաժե՞շտ է որ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը աշխարհիկ գործով զբաղին։ Եթէ բարեճշդումներ ըլլան, ընտանիքը կրնա՞յ միայն մէկ եկամուտով ապրուիլ։ Շատեր հոգեւորապէս օգտուած են բարեճշդումներ ընելով, ծառայութեան մէջ աւելի մեծ մասնակցութիւն բերելու համար։
7 Թող որ բոլորս ալ Յիսուսի եւ առաքեալներուն ձգած օրինակին հետեւինք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի օրհնէ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու կենսական գործին մէջ լիովին բաժին բերելու մեր սրտանց ջանքերը։—Ղուկ. 9։57-62