‘Աստուծոյ խօսքը առանց վախի խօսինք’
1 Դպրոցին կամ գործատեղին մէջ երբ հաւատքիդ մասին խօսելու պատեհութիւն մը ներկայանայ, երբեմն կը վարանի՞ս։ Քեզի համար դժուա՞ր է անպաշտօն կերպով վկայել ազգականներու եւ դրացիներու կամ անծանօթ անհատներու։ Ի՞նչ բան բոլորիս պիտի օգնէ որ յարմար առիթները օգտագործելով ‘Աստուծոյ խօսքը առանց վախի խօսինք’։—Փիլ. 1։14
2 Ետ մի՛ կենար. Սուտ ամբաստանութեան թիրախ դարձած սերտ բարեկամ մը կամ ազգական մը պաշտպանելու պիտի վարանէի՞ր։ Մեր ամենամտերիմ Բարեկամը՝ Եհովա, մարդկային պատմութեան ընթացքին ծայր աստիճան սխալ ներկայացուած է։ Մեր մեծ Աստուծոյն ի նպաստ վկայելու եզակի առանձնաշնորհումը ունինք։ (Եսա. 43։10-12) Եհովայի հանդէպ խոր սէրը կրնայ մեզի օգնել ինքնագիտակցութեան կամ վախի զգացումներուն հետ գլուխ ելլելու եւ մեզ մղել համարձակօրէն խօսելու, ճշմարտութեան մասին վկայելէ ետ չկենալով։—Գործք 4։26, 29, 31
3 Մտաբերէ թէ մեր պատգամը բարի լուր է։ Անիկա մնայուն օգուտներ պիտի բերէ անոնց՝ որոնք կ’անսան։ Մեր անձին կամ հակառակորդներուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, քարոզչութեան արժէքին վրայ կեդրոնանալը պիտի օգնէ որ համարձակութեամբ քարոզենք։
4 Ուրիշներուն օրինակը. Կրնանք ուրիշներու հաւատարիմ ընթացքէն ոյժ առնել, որոնք Աստուծոյ խօսքը առանց վախի խօսած են։ Օրինակ, Ենովք խիզախօրէն յայտարարեց Եհովայի դատաստանը անբարեպաշտ մեղաւորներու դէմ։ (Յուդա 14, 15) Նոյ անտարբեր մարդոց հաւատարմօրէն քարոզեց։ (Մատթ. 24։37-39) Առաջին դարու Քրիստոնեաները, որոնք «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» էին, շարունակեցին քարոզել ի հեճուկս բիրտ հակառակութեան։ (Գործք 4։13, 18-20) Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը յաճախ կը բովանդակեն արդի կենսագրութիւններ, խօսելով անհատներու մասին՝ որոնք Եհովայի հաւատք ընծայելով մարդու վախը յաղթահարեցին ու նախանձախնդիր աւետարանիչներ եղան։
5 Կրնանք քաջութիւն հաւաքել, նկատի առնելով վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն կենցաղը, որոնք դժուար կացութիւններ դիմագրաւեցին։ (Գ. Թագ. 19։2, 3. Մար. 14։66-71) Անոնք ‘Աստուծմով համարձակութիւն ունեցան’ եւ առանց վախի խօսեցան։ Մենք ալ կրնա՛նք նոյնը ընել։—Ա. Թես. 2։2