Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Նշում. Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն ճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Քրիստոսի հետեւեցէք» բնաբանով նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, 15 վայրկեան տրամադրեցէք այս ամսուան յաւելուածէն յարմար խրատներ ու յիշեցումներ վերաքաղ ընելու համար։ Ձեր համաժողովէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, Ծառայութեան Ժողովին մէջ 15-20 վայրկեան յատկացուցէք (թերեւս տեղական կարիքներուն բաժինը), վերաքաղ ընելու համաժողովի այն կէտերը, զորս հրատարակիչները ծառայութեան մէջ գործնական գտած են։ Վերաքաղը պէտք է նկատի առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Թող ներկաները նշեն թէ ի՛նչպէս տեղեկութիւնները կը կիրարկեն կամ կը ծրագրեն կիրարկել իրենց ծառայութեան մէջ։
Ապրիլ 9–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ Պատանիները կը հարցնեն՝ կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ խորագրով DVD–ին թատերախաղը դիտեն, քանի որ յառաջիկայ շաբաթ նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Ուշադրութեան յանձնէ «Գլխաւոր ցուցակ» շրջանակը եւ բացատրէ DVD–ին գործածութեան կերպը։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, թող հրատարակիչը հարցում մը ուղղէ, որուն պիտի պատասխանէ երբ վերայցելէ։
15 վյրկ. «Բոլորս կրնանք նոր աշակերտներ ընելու մէջ բաժին բերել»։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ժողովքին անդամները ի՛նչպէս զիրենք քաջալերեցին մկրտութենէն առաջ։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ նախապատրաստել։
20 վյրկ. «‘Քրիստոսի հետեւեցէք’ բնաբանով նահանգային համաժողովը համայն աշխարհի մէջ ծանուցանել»։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն ուշագրաւ տեղական փորձառութիւններ, որոնք կապ ունին անցեալ տարուան նահանգային համաժողովի հրաւիրագիրները բաշխելուն հետ, կամ՝ 2007–ի Տարեգիրք–էն կէտեր պարփակէ, քաղուած՝ էջ 7–էն մինչեւ էջ 10–ի ենթագլուխը։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 16–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Աստուծոյ խօսքը առանց վախի խօսինք»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
20 վյրկ. «Կեանքդ ի՞նչ կերպով պիտի գործածես»՝ Մաս 1։ Պարբերութիւն 1-2–ի մասին հակիրճօրէն խօսելէ ետք, անմիջապէս քննարկէ 3 եւ 4–րդ պարբերութիւններուն իւրաքանչիւր հարցումը։ Երբ 3–րդ պարբերութեան 4–րդ հարցումը նկատի կ’առնես, թող երկու համարները կարդացուին։ Եզրափակութեան մէջ, «Գլխաւոր ցուցակ» շրջանակը նկատի առ։ Բոլորը քաջալերէ որ DVD–ին բովանդակած «Տեսակցութիւններ»ը եւ «Յաւելեալ տեղեկութիւններ»ը դիտեն, յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ զանոնք նկատի առնելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 23–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 138
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
10 վյրկ. ԼՈՅՍԸ ՍՔԱՆՉԵԼԻ Է։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 15 Մարտ 2007 թիւին վրայ, էջ 12-14 (Անգլ.)։
25 վյրկ. «Կեանքդ ի՞նչ կերպով պիտի գործածես»՝ Մաս 2։ Անմիջապէս սկսէ նկատի առնել 5-7–րդ պարբերութիւններուն իւրաքանչիւր հարցումը։ Եզրափակէ 8–րդ պարբերութեան ջերմ խօսքերով։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 30–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
30 վյրկ. «Քրիստոսի հետեւէ՝ ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելով»։ Ժողովքի քարտուղարը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Նշէ ժողովքին նշանակուած համաժողովը։ Վերաքաղ ըրէ «Նահանգային համաժողովի յիշեցումներ» շրջանակը։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 7–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին 11–րդ գլուխին վրայ։
20 վյրկ. «Երբ մարդիկ տունը չեն»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։