Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Երբ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի, կը յանձնարարուի Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը սերտել, Աստուած պաշտեցէք գիրքէն առաջ։ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մասնայատուկ ջանք թափեցէք՝ առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Եթէ տանտէրը արդէն այս գիրքը ունի, ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անկէ օգտուիլ՝ համառօտաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրելով։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով՝ ներկայացուցէք Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։
◼ Սեպտեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունենալով, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Ի՞նչ բան Աստուածաշունչի վաւերական ըլլալը կը նշէ»։
◼ Յանձնարարելի է որ կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկուին, ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականէն առնուազն 30 օր առաջ։ Ժողովքին քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ պատճենները ամբողջացուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողը իր մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չի յիշեր, թող որոշէ մօտաւոր թուական մը եւ զայն միշտ գործածէ։ Քարտուղարը այս մօտաւոր թուականը պէտք է արձանագրէ Ժողովքին հրատարակիչի արձանագրութիւնը (S-21) քարտին վրայ։
◼ Մատչելի եղող բոլոր հրատարակութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է ըլլայ 31 Օգոստոս 2007–ին, կամ՝ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է ամէն ամիս հրատարակութիւնները համակարգողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Հրատարակութիւններու ցուցակագրութեան պատճենին վրայ (S-18)։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն (կամ ծառաներէն)։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարը պէտք է վերահսկէ ցուցակագրութեան վրայ։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարն ու վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։ Իւրաքանչիւր համակարգող ժողովք Հրատարակութիւններու ցուցակագրութեան պատճենէն երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը մասնաճիւղ ուղարկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագրութիւն կարելի է գործածել։