Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/07 էջ 3
  • Հարցումի տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինթըրնէթի Գործածութեան Վտանգներուն Նկատմամբ Արթուն Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Բարի Լուրը Ինթըրնէթ–ի Վրայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Անոնց Օգնելու Միջոց մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 7/07 էջ 3

Հարցումի տուփ

◼ Համացանցը գործածելը անծանօթի մը հետ ընկերակցելու համար, ի՞նչ վտանգներ ունի։

Կարգ մը ցանցակայքեր ծրագրուած են, որպէսզի մարդիկ կարենան համացանցով իրարու ծանօթանալ եւ հաղորդակցիլ։ Այս ցանցակայքերէն շատեր անհատին թոյլ կու տան, որ իր անձնական կայքը ստեղծէ ու հոն դնէ պատկերներ եւ անձնական այլ տեղեկութիւններ։ Երբ անհատ մը այս կայքը այցելէ, կրնայ անոր տիրոջ հետ հաղորդակցութեան մէջ գալ։ Դեռատիներուն քով այսպիսի ցանցակայքեր շատ ժողովրդական են, եւ ժողովքին մէջ ոմանք զանոնք գործածած են՝ Եհովայի Վկաներ ըլլալ դաւանողներու հետ շփման մէջ գալու համար։

Համացանցի միջոցաւ մեր ծանօթացած անհատը կրնայ շատ դիւրաւ մեզ խաբել՝ իր ինքնութեան, հոգեւորութեան կամ շարժառիթներուն նկատմամբ։ (Սաղմ. 26։4) Իրականութեան մէջ, Եհովայի Վկայ ըլլալ դաւանող անհատ մը կրնայ անհաւատ, վտարուած կամ նոյնիսկ գործօն հաւատուրաց մը ըլլալ։ (Գաղ. 2։4) Տեղեկագրուած է որ շատ մը մանկամոլներ այսպիսի ցանցակայքեր կը գործածեն իրենց զոհերը գտնելու համար։

Նոյնիսկ եթէ համոզուած ենք թէ անոնք, որոնց հետ շփման մէջ ենք, ժողովքին մէջ լաւ կեցուածք ունին, այսպիսի միջավայրի մէջ եղած զրոյցները դիւրաւ կրնան վնասակար նիւթերու վերածուիլ, քանի որ մարդիկ հակումը կ’ունենան ազատօրէն արտայայտուելու անոնց՝ որ անձամբ չեն ճանչնար։ Անոնք նաեւ համացանցի վրայ հաղորդակցիլը կրնան անձնական հարց մը նկատել եւ թերեւս խորհին թէ ի՛նչ ալ ըսեն ուրիշներ պիտի չգիտնան, ինչպէս՝ իրենց ծնողները կամ երէցները։ Դժբախտաբար, Քրիստոնեայ ընտանիքներու կարգ մը դեռատիներ այս ծուղակին մէջ ինկած են եւ լիրբ խօսակցութեան միջամուխ եղած են։ (Եփ. 5։3, 4. Կող. 3։8) Ուրիշներ սեռապէս գրգռիչ ինքնանկարներ կը ցուցադրեն, անպատշաճ ծածկանուններ կը գործածեն, կամ իրենց կայքը կ’առնչեն բացայայտ սեռային տեսարաններ ցուցադրող երաժշտական տեսաերիզներու։

Ասոր ի տես, ծնողներ պէտք է հսկեն իրենց զաւակներուն կողմէ համակարգիչի գործածութեան վրայ։ (Առ. 29։15) Վտանգաւոր է օտարական մը մեր տունը հրաւիրել կամ անոր արտօնութիւն տալ որ մեր զաւակներուն հետ առանձնանայ։ Նոյնպէս, մեզի կամ մեր զաւակներուն համար վտանգաւոր է համացանցի վրայ բարեկամութիւններ հաստատելը օտարականներու հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք կը դաւանին Եհովայի Վկաներ ըլլալ։—Առ. 22։3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել