Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Օգոստոս 13–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը թող գործածէ այս թերթիկին 3–րդ էջին վրայ, 3–րդ պարբերութեան նշած մէկ թելադրութիւնը, հարցում մը ուղղելու համար՝ որուն պիտի պատասխանէ երբ վերայցելէ։ Նկատի առ «Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր»ը։ Շրջանային համաժողովի թուականը ծանուցանէ։
15 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ՀՊԱՏԱԿՈՒՄԷՆ ՕԳՏՈՒԻՆՔ։ Դասախօսութիւն ու ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին 15–րդ գլուխին վրայ։
15 վյրկ. «Եհովան պաշտել որպէս ընտանիք»։a Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ընտանեօք ծառայութեան մասնակցելէն ի՛նչպէս օգտուած են։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւն կանխաւ պատրաստել։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 20–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առ «Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր»ը եւ ծանուցանէ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին թուականը։
15 վյրկ. ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԷ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Սեպտեմբերի ընթացքին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պիտի ներկայացնենք եւ պիտի ջանանք առաջին հանդիպումին տանտիրոջ հետ քանի մը պարբերութիւններ նկատի առնել։ Վերաքաղ ըրէ Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին թելադրութիւնները, եւ ցուցադրէ մէկ կամ երկու ներկայացումներ, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կարելի է առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
20 վյրկ. «Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ի՛նչպէս մեզի կ’օգնէ»։b Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, պարփակէ մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Կազմակերպուած գրքէն, էջ 41, պարբերութիւն 2։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 27–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
10 վյրկ. ‘ԱՆԻՐԱՒ ՄԱՄՈՆԱՅԷՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԸՐԷՔ’։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1995 թիւին վրայ, էջ 13-18։
25 վյրկ. «Ծառայութեան նոր տարուան համար թանկագին նպատակակէտ մը»։c Տեսակցէ մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք վերջերս որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայեցին։ Անոնք իրենց յայտագրին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ մտցուցին։ Ի՞նչպէս օգտուեցան։ Եթէ մատչելի է, հարցազրոյց ունեցողներէն մէկը թող ըլլայ անհատ մը որ իր ընտանիքին աջակցութեամբ կրցաւ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Երբ 9–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, շրջանային տեսուչին այցելութեան թուականը ծանուցանէ։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 3–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. «Մեր առանձնաշնորհումները կ’արժեւորենք»։d Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։
20 վյրկ. «Պարբերաթերթեր տեղաւորելէ ետք ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ»։e Հակիրճօրէն ցուցադրէ 2–րդ պարբերութեան թելադրութիւններէն մէկը։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարելի է տեղեկագրել, եթէ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ցուցադրելէ յետոյ՝ երկու անգամ վարուի եւ թուի թէ ուսումնասիրութիւնը պիտի շարունակուի։
Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։