Հարցումի Տուփ
◼ Մեր բաշխած հրատարակութեան վրայ մեր անձնական Ե–նամակի հասցէն նշելը պատշա՞ճ է։
Կարգ մը հրատարակիչներ կնիքի կամ տպուած պիտակի մը միջոցաւ իրենց անձնական Ե–նամակի հասցէն կցած են իրենց բաշխած պարբերաթերթերուն եւ թերթիկներուն։ Այսպիսով հրատարակութիւն ընդունող անհատը կրնայ սոյն հրատարակիչին հետ շփման մէջ գալ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրել։ Հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար թափուած այս ջանքերը լաւ միտումով են։ Սակայն պարբերաթերթերուն ու թերթիկներուն ետեւը արդէն իսկ մեր պաշտօնական ցանցակայքը նշուած է։ Հետեւաբար, աւելի լաւ կ’ըլլայ որ որեւէ հրատարակութեան վրայ մեր անձնական Ե–նամակի հասցէն չդնենք։
Եթէ հրատարակիչ մը կ’ուզէ թաղամասին մէջ իր հանդիպած անհատներուն անջատ թուղթի մը վրայ իր հասցէն գրել, մանաւանդ վերայցելութիւններ ընելու ընթացքին, ասիկա անձնական որոշում մըն է։ Հետաքրքրուած անհատներու հետ շփման մէջ գալու նախաձեռնութիւնը մե՛նք պէտք է առնենք, փոխանակ սպասելու որ անոնք մեզի հետ կապ պահեն յաւելեալ տեղեկութեանց համար։ Մեր իսկական հետաքրքրութիւնը ա՛լ աւելի կը ցուցաբերուի, երբ անհատի մը հետ դէմ յանդիման խօսինք։