Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/92 էջ 1
  • ՎՍՏԱՀ ԵՂԷՔ ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԱՅՑԵԼԷՔ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՎՍՏԱՀ ԵՂԷՔ ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԱՅՑԵԼԷՔ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համարձակութիւն Ունեցէք Վերայցելութիւններ Ընելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Վերայցելութիւնները Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններու կ’Առաջնորդեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Աստուածաշունչի Յաւելեալ Ուսումնասիրութիւններ կ’Ուզուին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Պատրաստութիւն. ազդու վերայցելութիւններ ընելու բանալի մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 2/92 էջ 1

ՎՍՏԱՀ ԵՂԷՔ ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԱՅՑԵԼԷՔ

1 Որպէս բարի լուրի ծառաներ, աշակերտելու պատուէրը ստացած ենք։ (Մատթ. 28։19, 20) Վերայցելութիւններ ընելը մեր աշակերտելու գործին կենսական մէկ մասն է։ Կը գնահատենք թէ կեանքեր պարփակուած են, հետեւաբար կ’ուզենք ամէն ջանք թափել ցուցաբերուած նախնական հետաքրքրութիւնը մշակելու։

2 Վերայցելելու արժանի պէտք է նկատենք իւրաքանչիւր անհատ, որու հետ կը խօսինք ու հետաքրքրութիւն կը յայտնէ։ Սակայն, գրականութիւններ տեղաւորելը պէտք չէ ըլլայ միակ հիմը վերայցելութիւն մը ընելու։ Շատեր կը յօժարին խօսակցիլ Աստուածաշունչի պատգամին մասին, բայց կը մերժեն գրականութիւններ ստանալ։ Ուստի եթէ հետաքրքրութիւն գտնուի, պէտք է ամէն կերպով վերայցելենք ու փորձենք մշակել զանիկա։

3 Տեղաւորումները Հետապնդել. Ռահվիրայ մը գիրք մը տեղաւորեց, բայց տանուտիրոջ կողմէ շատ քիչ հետաքրքրութիւն նշմարեց։ Երեկոյ մը իր բոլոր ուրիշ վերայցելութիւնները ընելէ յետոյ, եղբայրը որոշեց այս անձը վերայցելել։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։

4 Եղբայր մը երկու պարբերաթերթեր տեղաւորեց մարդու մը հետ, բայց մոռցաւ զինք, խորհելով թէ ան իսկապէս հետաքրքրուած չէր։ Մի քանի օր ետք, մարդը նամակ մը գրեց տեղական ժողովքին՝ մկրտութիւն խնդրելով։ Միսիոնար քոյր մը հարցուեցաւ թէ ի՛նչ կը զգար որ մեծագոյն ազդակն էր որ կարողացաւ օգնել 74 անհատներու որ հրատարակիչներ ըլլան։ Ան ըսաւ. «Շատ աշխատեցանք պարբերաթերթեր տեղաւորելու գործին մէջ, եւ շարունակեցի վերայցելել այն անձերը որոնք պարբերաթերթեր ընդունեցին, մինչեւ որ կարողացայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ իրենց հետ»։

5 Երբեմն կրնանք միայն թերթիկ մը ձգել տանուտիրոջ հետ վերայցելութեան ատեն։ Յաճախ, թերթիկները կարելի է ազդուօրէն գործածել վերայցելութիւններու ատեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրելու։ Շրջանային տեսուչ մը, որ ուրիշ հրատարակիչի մը հետ կ’աշխատէր, կնոջ մը թերթիկ մը տուաւ։ Անիկա շատ կարճ այցելութիւն մըն էր, բայց ան քրոջ քաջալերեց որ վերադառնայ։ Քոյրը վերայցելեց եւ անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատեց։

6 Երբ Հետաքրքրութիւն կը Յայտնաբերուի. Երբ տանուտէրը գրականութիւններ չ’առներ վերայցելութեան ատեն, ասիկա միշտ չի նշանակեր թէ հետաքրքրուած չէ։ Երիտասարդ զոյգ մը վերայցելելով, հրատարակիչ մը տեսաւ թէ անոնք արդէն մեր գրականութիւններէն մի քանի հատը ունէին եւ նախապէս ուսումնասիրած էին։ Անոնք անյապաղ համաձայնեցան որ իրենց ուսումնասիրութիւնը վերսկսին։ Մասնաւոր ռահվիրայ մը զգած թագուն հետաքրքրութիւն մը կնոջ մը քով, որ միշտ կը մերժէր պարբերաթերթեր ստանալ։ Ռահվիրան պարբերաթերթերը մէկ կողմ դրաւ, եւ կինը յօժար էր նկատի առնելու մի քանի պարբերութիւններ գրքոյկներէն մէկուն մէջ։ Մի քանի վերայցելութիւններէ ետք, ան սկսաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ շաբաթը երկու անգամ։

7 Իւրաքանչիւր անհատ որ ինքզինք Եհովայի կը նուիրէ, պէտք է պատասխանատուութիւնը զգայ բաժին բերելու աշակերտելու գործին մէջ։ Մինչ կանոնաւորաբար կը վերայցելենք բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերեն, պտուղներ պիտի քաղենք, որոնք առատ օրհնութիւններ պիտի բերեն թէ՛ մեզի ‘եւ թէ անոնց որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն’։—Ա. Տիմ. 4։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել