Պատրաստութիւն. ազդու վերայցելութիւններ ընելու բանալի մը
1. Առաջին դարուն քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՞նչպէս պիտի ընդարձակուէր։
1 Յիսուս իր աշակերտները լիովին պատրաստեց որ «արքայութեան աւետարան»ին ազդու քարոզիչները ըլլան։ (Մատ. 4։23. 9։35) Մարզումը տեղի ունեցաւ սահմանափակ շրջանի մը՝ Պաղեստինի մէջ քարոզելու ժամանակ։ Սակայն երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իմացուց թէ քրիստոնէական ծառայութիւնը պիտի ընդարձակուի, որպէսզի ‘բոլոր ազգերը աշակերտուին’։—Մատ. 28։19, 20
2. Յիսուսի ‘աշակերտելու’ պատուէրին հնազանդիլը ի՞նչ կը պարփակէ։
2 Այդ գործը պիտի պարփակէր վերայցելել այն անհատներուն, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էին, եւ անոնց սորվեցնել որ Քրիստոսի պատուիրած բոլոր բաները պահեն։ Այսպիսի ազդու վերայցելութիւններ ընելու համար, պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլանք։
3. Ի՞նչպէս կրնաս ճամբան հարթել վերայցելութեան մը, նոյնիսկ առաջին հանդիպումին։
3 Կանխաւ ծրագրէ։ Կարգ մը հրատարակիչներ սկզբնական այցելութեան աւարտին հարցում մը կ’ուղղեն, ապա կը խոստանան վերայցելել այդ հարցումը քննարկելու համար։ Անոնք նկատած են թէ վերայցելութեան ընթացքին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին կարգ մը տեղեկութիւններուն ակնարկելը իրենց օգնած է որ անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսին։
4. Ինչո՞ւ պէտք չէ սպասենք որ պարբերաթերթի նոր թիւերը ստանանք, որպէսզի վերայցելութիւն մը ընենք։
4 Ամէն ամիս միայն մէկ զոյգ պարբերաթերթ ունենալը չի նշանակեր թէ պէտք է սպասենք մինչեւ որ յաջորդ ամսուան թիւերը ստանանք, յետոյ վերայցելութիւն ընենք։ Կարելի է անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցնել, անոր ունեցած պարբերաթերթին մէջէն տեղեկութիւն մը նկատի առնելով։
5. Նպատակակէտ մը ունենալը ինչո՞ւ օգտակար է։
5 Նպատակակէտ մը ունեցիր։ Վերայցելելէ առաջ, քանի մը վայրկեան տրամադրէ արձանագրութիւններդ աչքէ անցընելու եւ որոշելու համար թէ ի՛նչ կ’ուզես իրագործել։ Օրինակ, նկատի առ նախապէս անոր քով ձգած մէկ հրատարակութենէն կէտ մը։ Կամ ուրիշ հրատարակութիւն մը տուր որ առնչուած է ձեր ունեցած նախորդ զրոյցին հետ։ Եթէ վերջին անգամին հարցում մը ուղղեցիր, վստահաբար նպատակդ պիտի ըլլայ այդ հարցումին պատասխանը տալ։ Ջանա՛ ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդալ այն համարը որ խնդրոյ առարկայ կէտը կը հաստատէ։
6. Վերայցելութիւններ ընելու մեր նպատակակէտը ի՞նչ է։
6 Մեր նպատակակէտը։ Անշուշտ, մեր նպատակակէտն է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Եղբայր մը երբ վերայցելեց, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեց, բայց մարդը մերժեց։ Եղբայրը պարբերաթերթի վերջին թիւերով վերադարձաւ եւ ըսաւ. «Մինչ հոս ենք, կ’ուզենք Աստուածաշունչէն ձեր ունեցած մէկ հարցումին պատասխանը տալ»։ Անհատին հարցումը մտիկ ընելէ ետք, եղբայրը կարդաց համար մը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար գործածուած հրատարակութենէ մը անոր հետ առնչուած պարբերութիւն մը։ Ասիկա կանոնաւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդեց։
7. Լաւ պատրաստուած ըլլալը քեզի ի՞նչպէս օգնած է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։
7 Վերայցելութիւններու պատրաստուելու համար ժամանակ յատկացնելու ջանքը արժանի է։ Մեր ուրախութիւնը պիտի աւելնայ, եւ թերեւս առանձնաշնորհումը ունենանք ուղղաբարոյ անհատի մը օգնելու որ կեանքի ճամբուն մէջ քալէ։—Գործք 13։48