Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունուար 14–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
15 վյրկ. «Ծառայութեան մէջ ժամանակդ ազդուօրէն գործածէ»։ Հարցազրոյց ունեցիր եղբօր մը հետ, որ դաշտի ծառայութեան ժողովը վարելու եւ խումբը դէպի դաշտ առաջնորդելու մէջ օրինակելի է։ Ան ի՞նչպէս կը պատրաստուի խումբը դէպի դաշտ առաջնորդելու եւ ծառայութեան մէջ ժամանակը ազդուօրէն գործածելու համար։
20 վյրկ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն . . . աղով համովցած ըլլայ»։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի առնես, կարդա՛ Յովհաննէս 4։7-15, 39–ը։
Երգեցողութիւն թիւ 85
Յունուար 21–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նշէ Փետրուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք հրատարակութիւնները, եւ ներկայացում մը ցուցադրէ։ Բոլորը քաջալերէ որ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ տեսաերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն անոր քննարկման՝ Փետրուար 4–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ։
10 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՔՆՆԵՆՔ ԱՄԷՆ ՕՐ ԳՐՔՈՅԿԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵ՞Ս։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ 2008–ի Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին նախաբանին վրայ։ Ամէն օր Աստուածաշունչէն համար մը ու անոր մեկնաբանութիւնը վերաքաղ ընելու համար՝ ժամանակ տրամադրելու արժէքը քննարկէ։ Ներկաներէն խնդրէ որ օրուան համարը նկատի առնելու իրենց սովորամոլութեան մասին խօսին եւ թէ ի՛նչպէս օգտուած են։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւն կանխաւ կարգադրել։ Հակիրճօրէն աչքառու դարձուր 2008–ի տարուան համարը։
25 վյրկ. «Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր»։ (Պարբ. 1-10) Նկատի պիտի առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Տեսակցէ մէկ կամ երկու հրատարակիչի հետ, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրին, խճողուած յայտագիր կամ ֆիզիքական անկարողութիւն ունենալով հանդերձ։ Անոնք ի՞նչպէս կրցան ասիկա ընել։ Անոնք ի՞նչ ուրախութիւններ վայելեցին։ Երբ 7–րդ պարբերութիւնը նկատի առնես, Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին դաշտի ծառայութեան ժողովներուն յայտագիրը նշէ։
Երգեցողութիւն թիւ 204
Յունուար 28–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր Փետրուար թիւերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր թիւին մասին հակիրճօրէն խօսելէ յետոյ, ներկաներէն խնդրէ որ ըսեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան թաղամասի մարդոց գրաւիչ թուիլ եւ ինչո՛ւ։ Ներկաներէն խնդրէ որ նշեն կարգ մը մասնայատուկ կէտեր այն յօդուածներէն, զորս ծառայութեան մէջ պիտի ներկայացնեն։ Զրոյց մը սկսելու համար ի՞նչ հարցումներ կրնան ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջի ո՞ր համարը կարելի է կարդալ։ Համարը ի՞նչպէս կարելի է յօդուածին առնչել։ Էջ 8–ի վրայ եղող ներկայացումի նմոյշները գործածելով, ցուցադրէ թէ իւրաքանչիւր պարբերաթերթ ի՛նչպէս կարելի է ներկայացնել։
20 վյրկ. «Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր»։ (Պարբ. 11-17) Եթէ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրները մատչելի են, ներկաներէն իւրաքանչիւրին օրինակ մը տուր, երբ 14–րդ պարբերութիւնը նկատի առնես։ Նշէ թաղամասը ծածկելու տեղական կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնէ Թագաւորութեան բարի լուրին հրատարակիչներ ըլլալու»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 123
Փետրուար 4–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Հարցումի տուփ»ը վերաքաղ ըրէ։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
25 վյրկ. «Զայն կը յետաձգե՞ս»։ Երէցի մը կողմէ նկատի պիտի առնուի։ Ներկաներուն հետ անմիջապէս նկատի առ Հիւանդին կարիքներն ու իրաւունքները խորագրով տեսաերիզը, գործածելով յօդուածին հարցումները։ Եզրափակէ՝ կարդալով վերջին պարբերութիւնը եւ բոլորը քաջալերէ որ նշուած Դիտարան–ի եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յօդուածները ուշադրութեամբ վերաքաղ ընեն։ Բացատրէ թէ ի՛նչպէս իւրաքանչիւր անհատ որ տակաւին ասիկա ըրած չէ, կրնայ գործածել Նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին մէջ հայթայթուած օգտակար հարցացուցակը, արեան կոտորակներու նկատմամբ անձնական որոշումներ կայացնելու համար, ապա իր որոշումները գրել ՄՓ քարտին վրայ։ Անոնք որ արդէն ՄՓ քարտը լեցուցած են, թերեւս փափաքին իրենց նախկին ընտրութիւնները վերստին աչքէ անցընել եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ նոր քարտ մը լեցնել։
Երգեցողութիւն թիւ 160
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։