Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/08 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մարտ 10–ով սկսող շաբաթ
  • Մարտ 17–ով սկսող շաբաթ
  • Մարտ 24–ով սկսող շաբաթ
  • Մարտ 31–ով սկսող շաբաթ
  • Ապրիլ 7–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 3/08 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մարտ 10–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 6–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մարտ ու Զարթի՛ր Մարտ թիւերը եւ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

20 վյրկ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՐԱՐՈՒ ՔՈՎ ՀԱՒԱՔՈՒԻԼ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Մայիս 2007 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 11-13։ Ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ի՛նչպէս օգտակար եղած է իրենց, եւ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու համար ի՛նչպէս կրցած են խոչընդոտներ յաղթահարել։

15 վյրկ. «Կրնա՛նք Եհովայի տալ»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։

Երգեցողութիւն թիւ 113

Մարտ 17–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ներկաներուն յիշեցուր որ յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին, իրենց հետ բերեն Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր Ապրիլ թիւերը, եւ նախապատրաստուին տեղական թաղամասին յարմար եղող ներկայացումներ նկատի առնելու։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Հարցումի տուփ»։ Երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Ամբողջ յօդուածը կարդա՛ եւ քննարկէ՛։

20 վյրկ. «Ի՞նչպէս կրնանք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն օգնել»։ Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, հակիրճօրէն ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է Յիշատակատօնին ներկայ եղող այցելուի մը հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։

Երգեցողութիւն թիւ 95

Մարտ 24–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։

15 վյրկ. ԸՆԹԱՑԻԿ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր Ապրիլ թիւերուն մասին հակիրճ ամփոփում մը ընելէ ետք, ներկաներուն հարցուր թէ ո՛ր յօդուածները թաղամասի մարդոց համար գրաւիչ կրնան ըլլալ եւ ինչո՛ւ։ Ներկաները հրաւիրէ որ ըսեն թէ յօդուածներուն մէջ նշուած ո՛ր մասնայատուկ կէտերը կը ծրագրեն գործածել։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջի ո՞ր համարը կարելի է կարդալ։ Տեղական թաղամասին համար թելադրուած ներկայացումները գործածելով, Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

20 վյրկ. ՄԵՆՔ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ ԿԸ ԲԵՐԵՆՔ։ Մէկ վայրկեանէն նուազ տեւող բացման խօսքէն ետք, երէց մը դասախօսութիւն կը ներկայացնէ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2005 թիւին վրայ, էջ 24-25, պարբերութիւն 10-14։ Ներկաներէն խնդրէ որ խօսին թէ երբ Թագաւորութեան պատգամը առաջին անգամ լսեցին, ի՛նչպէս մխիթարուեցան ու յոյս ունեցան։

Երգեցողութիւն թիւ 14

Մարտ 31–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

20 վյրկ. 2008–Ի ՏԱՐԵԳԻՐՔ–ԷՆ ՕԳՏՈՒէ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Նկատի առ «Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն» յօդուածը։ Ներկաներէն երկու կամ երեք հոգի թող Տարեգիրքէն փորձառութիւն մը պատմեն, որ յատկապէս զիրենք քաջալերած է։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հրատարակիչ խօսին թէ Տարեգիրքը կարդալու համար ի՛նչ յայտագրի կը հետեւին։ Եզրափակէ՝ բոլորը քաջալերելով որ ամբողջ գիրքը կարդան։

15 վյրկ. «Ծառայութեան մէջ զիրար շինենք»։

Երգեցողութիւն թիւ 57

Ապրիլ 7–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 13

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

20 վյրկ. ՄԻ՛ ՁԳՁԳԵՐ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2006 թիւին վրայ, էջ 26-27, պարբերութիւն 14-17։ Հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցիր մէկ կամ երկու հրատարակիչի հետ, որոնք պատանեկութեան շրջանին մկրտուած են։ Այդ տարիքին ի՞նչ բան զիրենք մղեց այս կարեւոր քայլը առնելու։ Մկրտութիւնը ի՞նչպէս իրենց օգնեց հոգեւոր հասունութիւն մշակելու, որ պաշտպանութիւն մըն է։

15 վյրկ. ՈՒՂՂԱԿԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ՓՈՐՁԱ՞Ծ ԵՍ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին վրայ, էջ 6։ Նկատի առ ներկայացումի նմոյշները եւ թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան յարմարցուիլ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ Ապա մէկ կամ երկու ցուցադրութիւն ներկայացուր։ Ներկաները քաջալերէ որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին առնուազն անգամ մը փորձեն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, ուղղակի մօտեցումը գործածելով։

Երգեցողութիւն թիւ 162

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել