Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի՝ նոր հետաքրքրուած անհատներու այցելելու, որոնք Յիշատակատօնին կամ հանրային մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր։ Այս այցելութիւններուն նպատակն է՝ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Եթէ այս գրքոյկը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ այս գիրքը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի, կը յանձնարարենք որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ուսումնասիրուի։
◼ Երէցներու մարմինը պէտք է վերաքաղ ընէ 6 Յուլիս 2006 թուակիր նամակը, աղէտներու համար պատրաստուած ըլլալու առնչութեամբ, եւ վստահ պէտք է ըլլայ թէ իւրաքանչիւր հրատարակիչի ընթացիկ հասցէն ու հեռախօսի թիւերը ունի։ Աղէտի ենթակայ շրջաններուն մէջ, երէցները ստիպողական պարագայի մը առ ի պատրաստութիւն հրատարակիչներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պէտք է ունենան։ Անշուշտ, ստիպողական պարագաներէ զատ, օգտակար կ’ըլլայ եթէ հրատարակիչներ իրենց Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը կամ ուրիշ երէց մը տեղեակ պահեն որ երկար ժամանակ ժողովքէն պիտի բացակային, օրինակ՝ արձակուրդի կամ գործի պատճառաւ պիտի ճամբորդեն, հիւանդանոց պիտի մտնեն, եւայլն։
◼ Հաճեցէք նկատի ունենալ թէ 2008–ի նահանգային համաժողովի վերաբերեալ մասնայատուկ յայտաթերթիկ պիտի չունենանք։ Այժմ կը ծրագրենք կարեւոր աշխարհածաւալ արշաւի մը՝ մօտ ապագային։ Այս կարգադրութեան մանրամասնութիւնները հետագային պիտի տրուին։