Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Մայիս 12–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
15 վյրկ. ԿՐՆԱՆՔ ՈՐԵՒԷ ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յունիս 2005 թիւին վրայ, էջ 30-31 (Անգլ.)։ Նախապէս որոշուած հրատարակիչներէ խնդրէ որ մեկնաբանեն թէ Եհովա ի՛նչպէս օգնած է իրենց՝ որոշ փորձութեան մը հետ գլուխ ելլելու։
20 վյրկ. ԱՄԱՌՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿՐՆԱ՞Ս ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԸԼԼԱԼ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Նկատի առ Կազմակերպուած գրքին 112-113–րդ էջերը, պահանջները ուրուագծելով։ Գործէն արձակուրդ առնելով օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողներէն խնդրէ որ իրենց վայելած օրհնութիւններուն մասին խօսին։ Դպրոցական արձակուրդի ընթացքին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս ուրիշներ զիրենք քաջալերեցին եւ նեցուկ կանգնեցան։ Օժանդակ ռահվիրայութիւնը ի՞նչպէս իրենց օգնեց որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Ի՞նչ ուրախութիւններ վայելեցին։ Որակեալ եղող բոլոր անհատները քաջալերէ որ ամառուան ամիսներուն ընթացքին օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։
Երգեցողութիւն թիւ 204
Մայիս 19–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 47
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Հարցումի տուփ»ը նկատի առ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Կրնաս հարստութիւն ձեռք ձգել»։ Նշէ կանոնաւոր ռահվիրաներուն որակումները, որոնք կը գտնուին Կազմակերպուած գրքին 113-114–րդ էջերուն վրայ։ 1 Սեպտեմբերին ռահվիրայութեան սկսիլ փափաքողները պէտք է իրենց դիմումնագիրը կարելի եղածին չափ շուտ ներկայացնեն։
Երգեցողութիւն թիւ 57
Մայիս 26–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
15 վյրկ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
20 վյրկ. ՅՈՒՆԻՍ ԱՄՍՈՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԳԻՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՐ։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Վերաքաղ ըրէ կարգ մը ներկայացումի նմոյշներ, առնուած՝ Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածէն։ Երկու մասէ բաղկացած ցուցադրութիւն մը պարփակէ։ Ցոյց տուր թէ այս գիրքը ի՛նչպէս կարելի է ներկայացնել, եւ ապա ի՛նչպէս կարելի վերայցելութիւն մը ընել՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտով։
Երգեցողութիւն թիւ 21
Յունիս 2–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 13
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԳՈՐԾԵՐ ԸՆՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆ ՇԱՏ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ (Առ. 28։20) Քարտուղարին կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Ցոյց տուր թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնած է Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին իր գործունէութիւնը աւելցնելու ժողովքին ջանքերը, եւ գովասանք ներկայացուր։ Ծանուցանէ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողներուն եւ Աստուածաշունչի նոր սկսուած ուսումնասիրութիւններուն թիւը, նաեւ ծառայութեան մէջ իրագործուած այլ բաներ։ Ներկաներէն խնդրէ որ Յիշատակատօնին եւ հրաւէրներ բաշխելու արշաւին առնչուած փորձառութիւններ պատմեն։ Դաշտի ծառայութեան ուշագրաւ փորձառութիւնները կարելի է խաղարկել։ Հակիրճօրէն հարցազրոյց ունեցիր երկու կամ երեք հրատարակիչի հետ։ Անոնք թող պատմեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ իրենց վայելած օրհնութիւններուն մասին։
15 վյրկ. «Ամէն բարի գործերու պատրաստ եղիր»։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ դռնէ դուռ ծառայութեան ի՛նչպէս եւ ե՛րբ կը պատրաստուին։
Երգեցողութիւն թիւ 95
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։