Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/08 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Օգոստոս 11–ով սկսող շաբաթ
  • Օգոստոս 18–ով սկսող շաբաթ
  • Օգոստոս 25–ով սկսող շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 1–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 8/08 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Օգոստոս 11–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ընթացիկ պարբերաթերթերուն ո՛ր յօդուածները թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը կը շարժեն։ Ներկաներէն խնդրէ որ մասնայատուկ կէտեր նշեն այն յօդուածներէն, զորս ուշադրութեան պիտի յանձնեն։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջ ո՞ր համարը կարելի է կարդալ։ Կարգադրէ ցուցադրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ թելադրուած ներկայացումները ի՛նչպէս կարելի է գործածել։

15 վյրկ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԸՐԷ ԱՌԱՆՑ ԶԲԱՂՈՒՄԻ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ «Եկուր իմ ետեւէս» գրքին վրայ, էջ 93-94, պարբերութիւն 12-13։

20 վյրկ. «Զայն լիովին կը գործածե՞ս»։a Տեսակցութիւն ունեցիր հրատարակիչի մը հետ, որ Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան նոր երեսակներէն մէկը գործածելու մէջ փորձառութիւն ունեցած է։ Կարելի է փորձառութիւնը խաղարկել։ Նաեւ, հիմնուելով 2–րդ պարբերութեան վրայ, ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, գործածելով՝ Դիտարան 1 օգոստոս թիւին «Յիսուսէն ի՛նչ կը սորվինք» երեսակը (անգլ.)։

Երգեցողութիւն թիւ 14

Օգոստոս 18–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 34

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Նկատի առ «Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր»ը։ Յաջորդ շրջանային համաժողովին թուականը ծանուցանէ։ Ներկաներուն յիշեցուր որ յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան ժողովին, իրենց հետ բերեն Դիտարան 1 սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր սեպտեմբեր թիւերը, եւ նախապատրաստուին տեղական թաղամասին յարմար եղող ներկայացումներ նկատի առնելու։

20 վյրկ. ՄԵՐ ՀԱԳՈՒԵԼԱԿԵՐՊՆ ՈՒ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔԸ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒԵՆ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Որովհետեւ Եհովա սուրբ Աստուած է, ֆիզիքական մաքրութիւնը իր ժողովուրդին մէջ նախապատուութիւն մըն է (Ել. 30։17-21. 40։30-32)։ Մեր օրինակելի հագուելակերպով ու յարդարանքով, մանաւանդ ծառայութեան մէջ, Եհովան կը հաճեցնենք եւ իրեն փառք կը բերենք (Ա. Պետ. 2։12)։ Միւս կողմէ, ասոր մէջ թերանալը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ‘Աստուծոյ խօսքը հայհոյուի’ (Տիտ. 2։5)։ Տեղական կամ հրատարակուած փորձառութիւններ պատմէ, որոնք ցոյց կու տան թէ հրատարակիչի մը օրինակելի երեւոյթը ի՛նչպէս վկայութիւն մը տալու առաջնորդեց։

15 վյրկ. ԶՕՐԱՒՈՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒՈՂ ԴԵՌԱՏԻՆԵՐ։ Քաջալերական դասախօսութիւն, ուղղուած՝ ծնողներուն եւ անոնց զաւակներուն, որոնք մօտ ատենէն դպրոց պիտի վերադառնան։ Դեռատիներուն յիշեցուր որ վկայութիւն մը տալու պատեհութիւնները օգտագործեն։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաները հրաւիրէ որ դպրոցին մէջ վկայելու վերաբերեալ անհատական փորձառութիւններ պատմեն։

Երգեցողութիւն թիւ 21

Օգոստոս 25–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 13

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Նկատի առ «Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր»ը, եւ յառաջիկայ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին թուականը ծանուցանէ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

15 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԴԻՏԱՐԱՆ 1 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԵՒ ԶԱՐԹԻ՛Ր ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԹԻՒԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Պարբերաթերթերուն ամփոփումը ներկայացուր, ապա ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան տեղական թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել։ Նիւթին շուրջ ի՞նչ հարցում եւ համար կարելի է գործածել։ Ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ներկայացումի նմոյշ մը գործածել։ Երէցներէն մէկը թող ցուցադրէ հակիրճ ներկայացում մը որ պատրաստած է, հիմնուած՝ տեղական թաղամասին յարմարող յօդուածի մը վրայ։

Երգեցողութիւն թիւ 123

Սեպտեմբեր 1–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 77

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

20 վյրկ. ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԵՆ, ԲԱՅՑ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՉԵՆ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 ապրիլ 2008 թիւին վրայ, էջ 25-28 (անգլ.)։ Նշէ քրիստոնէական ժողովքի ոեւէ անդամ որ տեղական խնամատան մէջ կ’ապրի։ Եթէ չկայ, յօդուածին նշած սկզբունքները գործածէ՝ ժողովքը քաջալերելու որ թիկունք կանգնի ոեւէ անկարողի, որ ժողովքային գործունէութիւններուն սահմանափակ կերպով կը մասնակցի։

15 վյրկ. ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԷ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Սեպտեմբերի ընթացքին, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պիտի ներկայացնենք եւ պիտի ջանանք առաջին հանդիպումին՝ տանտիրոջ հետ քանի մը պարբերութիւններ նկատի առնել։ Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին մէջի թելադրութիւնները վերաքաղ ըրէ, եւ մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններով ցոյց տուր առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կերպը։

Երգեցողութիւն թիւ 10

[Ստորանիշ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել