Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ այս գիրքը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի, կը յանձնարարենք որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ուսումնասիրուի։ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն այս հրատարակութիւնը ունի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը համառօտակի ցուցադրելով՝ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անկէ օգտուիլ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի վկաներու 2009–ի օրացոյց–ը, Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2009 եւ Եհովայի վկաներու 2009–ի տարեգիրք–ը, իրենց յաջորդ հրատարակութիւններու ապսպրանքին հետ։ Ամէն ամիս բոլոր ժողովքներուն ուղարկուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն»ը պիտի նշէ թէ այս հրատարակութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։
◼ Երէցներուն կը յիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 յուլիս 1991 թիւին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կը մտի ժողովքին վերադառնալ։
◼ Պրայլի գրատիպի յատուկ համակարգիչներ գործածող կոյր կամ տկարատես հրատարակիչներուն եւ հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար, կարգադրութիւն եղած է որ անհատական գործածութեան համար ստանան Դիտարան–ը (Պրայլի գրատիպ) ելեկտրոնական ձեւով։ Մատչելի են՝ Դիտարան–ի հանրամատչելի եւ ուսումնասիրական հրատարակութիւնները՝ անգլերէն լեզուի Պրայլի գրատիպով (Բ. կարգ, կամ սղագրուած), եւ Դիտարան–ի ուսումնասիրական հրատարակութիւնը՝ ֆրանսերէն ու սպաներէն լեզուներու Պրայլի գրատիպով (Ա. կարգ, կամ ոչ–սղագրուած)։ Անոնք ելեկտրոնական թղթակցութեամբ պիտի ուղարկուին։ Ան որ կը փափաքի զանոնք ստանալ, ժողովքի քարտուղարէն պէտք է խնդրէ որ նամակ մը ուղարկէ սա հասցէով. Watchtower, 1000 Red Mills Road, Wallkill, NY 12589-3299, Attention: Braille Desk։ Նամակը պէտք է նշէ անհատին անունն ու տան հասցէն, գործածուած ելեկտրոնական սարքին անունը կամ տիպը, անոր Ե–նամակի հասցէն, եւ թէ ո՛ր լեզուի Պրայլի գրատիպը կը կարդայ (անգլերէն, սպաներէն կամ ֆրանսերէն)։ Եթէ ան Ե–նամակ չի կրնար ստանալ, թող տրուի ուրիշի մը Ե–նամակի հասցէն, որ կրնայ ուղարկուած Դիտարան–ը իրեն փոխանցել։