Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, օգոստոս 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 7 յուլիսէն մինչեւ 25 օգոստոս 2008 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչպէս կրնանք տրամաբանական ըլլալ երբ ուրիշներու հետ ճշմարտութիւնը կը բաժնենք (Փլպ. 4։5)։ [կօ էջ 251 պարբ. 3]
2. Արիսպագոսի մէջ յոյներուն խօսելու ատեն Պօղոսի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել, երբ կը վկայենք անհատներու՝ որոնց կեանքին մէջ Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունի (Գործք 17։22, 23)։ [կօ էջ 252 պարբ. 1-2]
3. Թէեւ կրնանք համոզուած ըլլալ թէ դիմացի անհատը սխալ է, ի՞նչպէս կրնանք իրեն հետ տրամաբանական ըլլալ։ [կօ էջ 253 պարբ. 1-2]
4. Մինչ կը ջանանք համոզումով խօսիլ, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։ [կօ էջ 255 պարբ. 3, շրջանակ]
5. Ի՞նչպէս կրնանք խորատեսութիւն գործածել ունկնդրի մը սրտին հասնելու համար (Առ. 20։5)։ [կօ էջ 258 պարբ. 1-5]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Քոյրեր ի՞նչ ի մտի պէտք է ունենան երբ մատուցման կերպի մը վրայ կ’աշխատին։ [կօ էջ 44 պարբ. 5-6]
7. Եղբայրներ ի՞նչ պէտք է ջանան իրագործել երբ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր կը ներկայացնեն (Նէ. 8։8)։ [կօ էջ 47 պարբ. 2-3]
8. Ծառայութեան ժողովին մէջ բաժին ունեցող եղբայր մը ի՞նչպէս ցուցադրութիւն կամ հարցազրոյց մը պէտք է ձեռք առնէ։ [կօ էջ 49 պարբ. 5]
9. Գործք գիրքը ի՞նչպէս աչքառու կը դարձնէ այն կերպը եւ տարողութիւնը, որով վկայութիւնը պէտք է տրուի (Գործք 20։20, 21, ՆԱ. 28։23, ՆԱ)։ [si էջ 204 պարբ. 35]
10. Հանրային դասախօս մը ի՞նչ կրնայ ընել, վստահ ըլլալու թէ իր դասախօսութեան հիմը Աստուածաշունչն է (Գործք 17։2, 3)։ [կօ էջ 52 պարբ. 6–էջ 53 պարբ. 2]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Փիլիպպեցի բանտապետը ինչո՞ւ ուզեց ‘ինքզինք սպաննել’ (Գործք 16։25-27)։ [դ90 7/1 էջ 25, շրջանակ]
12. Արիստարքոս ու Գայիոս ի՞նչպէս հալածանքին հակազդեցին (Գործք 19։29. 20։4, 5)։ [դ08 2/1 էջ 19 պարբ. 16-17]
13. Սօղոս ի՞նչպէս ‘խթանի դէմ կից կը զարնէր’ (Գործք 26։14)։ [դ03 10/1 էջ 32]
14. Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ պատուիրանին միջոցով ի՞նչպէս մեղքը կրցաւ ‘առիթ ստանալ’ (Հռով. 7։8, 11)։ [դ08 6/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր»]
15. Թշնամիի մը գլխուն վրայ ի՞նչպէս ‘կրակի կայծեր կը դիզենք’ (Հռով. 12։20)։ [դ08 6/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր»]