Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/08 էջ 4
  • Զայն լիովին կը գործածե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զայն լիովին կը գործածե՞ս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար նոր յօդուածաշարք մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Մեր ծառայութեան համար օգտակար յօդուածաշարք մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Հետաքրքրաշարժ փոփոխութիւններ՝ Դիտարան–ին համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • «Դիտարան»ի մէջ նոր յօդուածաշարք մը լոյս կը տեսնէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 8/08 էջ 4

Զայն լիովին կը գործածե՞ս

1 «Անհամբեր եմ զայն դաշտի ծառայութեան մէջ գործածելու»։ Քոյր մը այսպէս գրեց Դիտարան–ի 1 յունուար 2008 թիւը (անգլ.) ընթերցելէ ետք։ Հանրամատչելի հրատարակութեան կանոնաւոր երեսակներէն ոմանք նկատի առի՞ր, եւ դաշտի ծառայութեան մէջ զանոնք գործածելու կերպեր փնտռեցի՞ր։

2 «Յիսուսէն ի՛նչ կը սորվինք»։ Թերեւս այս երեսակը օգտակար գտար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Եթէ ասիկա չես ըրած, փորձէ տանտիրոջ կարդալ յօդուածին խորագիրը, ապա նիւթին շուրջ Յիսուսին ըսածը ուշադրութեան յանձնէ, ինչպէս առաջին պարբերութեան մէջ նշուած է։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, ջանա՛ խօսակցութիւնը շարունակել՝ գործածելով ենթախորագիրները, որոնք միտք գրգռող հարցումներու ձեւով են։ Անհատը հրաւիրէ որ հարցումին պատասխանէ։ Առնչակից պատկերներուն մասին հակիրճ բացատրութիւն մը տալէ ետք, յաջորդ պարբերութեան անցիր։ Թերեւս կարենաս յօդուածին կէսը ծածկել առաջին հանդիպումին, իսկ մնացեալը նկատի առնել վերայցելութեան ընթացքին։ Պատրաստուէ ուսումնասիրութիւնը շարունակելու Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքով։

3 «Ընտանեկան երջանկութեան բանալիներ»։ Այս յօդուածաշարքը, որ երեք ամիսը անգամ մը լոյս կը տեսնէ, մտադրուած է ամուսիններուն, կիներուն եւ ծնողներուն օգնելու որ տեսնեն թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՛նչպէս կրնան կիրարկել, երբ ընտանեկան խաղաղութեան սպառնացող խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Այս յօդուածները նաեւ կրնաս գործածել վկայ չեղողներուն օգնելու որ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող իմաստութիւնը տեսնեն (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։

4 Յատկանշական երեսակներ՝ դեռատիներուն համար։ «Մեր դեռատի ընթերցողներուն համար» յօդուածաշարքին ուրուագիծը թոյլ կու տայ աստուածաշնչական որոշ դէպք մը հետազօտել։ Կրնաս այս յօդուածները գործածել ծառայութեան մէջ քեզի հանդիպող դեռատիներուն օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելուն գործնական արժէքը տեսնեն (Սաղ. 119։9, 105)։ Երբ ծնողներու հետ կը խօսիս, կրնաս «Զաւակներուդ սորվեցուր» յօդուածաշարքը անոնց ուշադրութեան յանձնել, որ երկու ամիսը անգամ մը լոյս կը տեսնէ։ Այս յօդուածները կրնան երախաներուն օգնել որ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններէն կարեւոր դասեր սորվին։ Զանոնք զաւակներուդ հետ կարդալու պատեհութիւնը օգտագործա՞ծ ես։

5 Այլ երեսակներ։ Ամէն ամիս «Ընթերցողները կը հարցնեն» երեսակը հարցում մը նկատի կ’առնէ, որ վկայ չեղողներուն կողմէ հաւանաբար հարցուի։ Կրնաս այս յօդուածին ակնարկութիւն ընել, երբ պարբերաթերթերը տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին կը ներկայացնես։ «Նամակ մը. . . » խորագրով երեսակը վառ կերպով կը տեղեկագրէ ծառայութեան մէջ միսիոնարներու եւ ուրիշներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Այս յօդուածները կրնան հետաքրքրուած անհատներուն օգնել տեսնելու թէ բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ կը քարոզուի, առ ի կատարում Քրիստոսի ներկայութեան նշանին (Մատ. 24։3, 14)։

6 Ամէն ամիս լոյս տեսնող «Աստուծոյ մօտեցիր» խորագրով երեսակը, որ հիմնուած է Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի Աստուածաշունչի ընթերցանութեան վրայ, կրնայ անկեղծ անհատները մղել Եհովայի մասին աւելի սորվելու։ «Անոնց հաւատքը ընդօրինակէ» յօդուածաշարքը, որ տարին չորս անգամ լոյս կը տեսնէ, պատրաստուած է մարդոց օգնելու որ Աստուածաշունչի պատմութիւնները մտապատկերեն, լոյսի տակ առնելով աստուածաշնչական անձնաւորութիւնները,– անոնց ընտրութիւնները, անոնց մարտահրաւէրները եւ անոնց հաւատքը։

7 Ո՜րքան ուրախ ենք որ ամէն ամիս Դիտարան պարբերաթերթի թիւ մը կը ստանանք, որ դաշտին մէջ ամբողջովին գործածուելու համար պատրաստուած է։ Թող ամէն գնով անոր բովանդակութեան լրիւ ծանօթանանք եւ զայն ծառայութեան մէջ լիովին գործածենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել