Հետաքրքրաշարժ փոփոխութիւններ՝ Դիտարան–ին համար
1 Այս տարուան սկիզբը, ժողովքներուն մէջ ոգեւորիչ ծանուցում մը տրուեցաւ. Յունուար 2008–էն սկսեալ, Դիտարան–ը երկու տարբեր հրատարակութիւններ պիտի ունենայ, մէկը՝ հանրութեան համար, իսկ միւսը՝ մեր քրիստոնէական եղբայրութեան համար։ Թերեւս հարց տուիր. ‘Այս երկու պարբերաթերթերը իրարմէ ի՞նչպէս պիտի տարբերին։ Անջատ հրատարակութիւններ ունենալուն առաւելութիւնները ի՞նչ են։ Կրնա՞նք ակնկալել որ անոնք նոր երեսակներ ունենան’։
2 Տարբերութիւնները. Ամսուան սկիզբը լոյս տեսնող թիւը պիտի ճանչցուի որպէս Հանրամատչելի Հրատարակութիւնը։ Այս թիւին բոլոր յօդուածները պիտի պատրաստուին ի մտի ունենալով հանրութիւնը։ Ամսուն 15–ին լոյս տեսնող թիւը պիտի ճանչցուի որպէս Ուսումնասիրական Հրատարակութիւնը եւ դաշտի ծառայութեան մէջ պիտի չներկայացուի։ Անիկա պիտի բովանդակէ ամսուան համար հարկ եղած բոլոր ուսումնասիրութեան յօդուածները եւ այլ յօդուածներ, որոնք յատկապէս կը հետաքրքրեն նուիրուած Քրիստոնեաները։ Դիտարան–ի Հանրամատչելի Հրատարակութիւնը ո՛չ միայն Վկաներուն համար գրաւիչ պիտի ըլլայ, այլեւ յատկապէս անոնց՝ որոնք Վկայ չեն, բայց Աստուածաշունչը կ’ընդունին։ Միւս կողմէ, Զարթի՛ր–ը պիտի շարունակէ թիրախ ունենալ ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակ մը, ի ներառեալ՝ սկեպտիկներ եւ Քրիստոնեայ չեղող անհատներ։
3 Օգուտները. Ուսումնասիրական Հրատարակութեան մէջ, այլեւս հարկ պիտի չըլլայ «ռահվիրայ» բառին նման արտայայտութիւններ բացատրել, որպէսզի Վկայ չեղողները հասկնան։ Այս հրատարակութիւնը պիտի բովանդակէ յատկապէս Եհովայի Վկաներուն եւ հոգեւորապէս յառաջդիմող անհատներուն յարմարող տեղեկութիւններ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Հանրամատչելի Հրատարակութեան մասին։ Նիւթերը եւ գրութեան ոճը հանրութեան ուղղուած ըլլալով, Վկայ չեղողները զայն ծայրէ ծայր կարդալով հաճոյք պէտք է առնեն։ Անշուշտ Եհովայի Վկան լոյս տեսնող իւրաքանչիւր թիւ կարդալով պիտի օգտուի։ Որովհետեւ դաշտի ծառայութեան մէջ ամէն ամիս միայն մէկ Դիտարան եւ մէկ Զարթի՛ր պիտի ներկայացնենք, ազդու ներկայացումներ զարգացնելու համար լման ամիսը պիտի ունենանք։
4 Նոր երեսակներ. Դիտարան–ի Հանրամատչելի Հրատարակութեան համար կարգ մը հետաքրքրաշարժ նոր երեսակներ ծրագրուած են։ Երեսակներէն մէկը շատ պարզ ոճով պիտի քննարկէ աստուածաշնչական հիմնական ուսուցումներ։ Ուրիշ մը ցոյց պիտի տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ ընտանիքներուն օգտակար ըլլալ։ Դեռատիներուն համար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ծրագիրներ պիտի ուրուագծուին։ Իւրաքանչիւր թիւ պիտի բովանդակէ Աստուածաշունչի որոշ հատուածներ ընդգծող յօդուածներ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն Եհովայի անձնաւորութեան մասին։
5 Կ’աղօթենք որ Եհովա Դիտարան–ի վերաբերեալ այս նոր կարգադրութիւնը օրհնէ։ Թող անիկա, Զարթի՛ր–ին հետ մէկտեղ, բարի լուրը հասցնէ աւելի մեծ թիւով արժանաւորներու։—Մատթ. 10։11