Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար նոր յօդուածաշարք մը
1. Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան մէջ ի՞նչ նոր յօդուածաշարք մը լոյս պիտի տեսնէ, եւ անիկա ինչպէ՞ս ծրագրուած է։
1 Յառաջիկայ ամիսէն սկսեալ, նոր յօդուածաշարք մը լոյս պիտի տեսնէ Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան մէջ, մեզի օգնելու որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք։ Անոր խորագիրն է՝ «Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛»։ Թէեւ թաղամասին մէջ ոմանք այս յօդուածաշարքին իւրաքանչիւր նիւթը անկասկած հաճոյքով պիտի կարդան, բայց խորքին մէջ այս նիւթերը ծրագրուած են քննարկուելու համար։
2. Այս յօդուածներուն կարգ մը յատկանշական երեսակները ի՞նչ են։
2 Յատկանշական երեսակներ։ Վերնագիրն ու ենթավերնագիրները հարցումի ձեւով գրուած են, քննարկումի ընթացքին զանոնք տանտիրոջ ուղղելու համար։ Բանալի համարները մէջբերուած չեն, հապա նշուած են, որպէսզի տանտէրը կարենայ ուղղակի Աստուծոյ Խօսքէն սորվելու հաճոյքը վայելել։ Պարբերութիւնները կարճ են, այնպէս որ կրնան ուղղակի դրան առջեւ նկատի առնուիլ։ Իւրաքանչիւր յօդուած կ’ակնարկէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին, քեզի օգնելու որ ուսումնասիրութիւնը այդ հրատարակութեամբ շարունակես՝ երբ յարմար է։
3. Տունէ տուն քարոզչութեան ընթացքին, ինչպէ՞ս կրնանք այս յօդուածաշարքը գործածել՝ դրան առջեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։
3 Զայն ինչպէ՛ս գործածել։ Երբ պարբերաթերթեր կը ներկայացնես, կրնաս յօդուածին ընդհանուր նիւթին շուրջ հետաքրքրաշարժ հարցում մը ուղղել։ Օրինակ՝ Դիտարան–ի 1 փետրուար թիւը կը քննարկէ Աստուածաշունչին արժէքը։ Կրնաս հարցնել. «Աստուածաշունչը կը նկատե՞ս Աստուծոյ Խօսքը, թէ ոչ՝ պարզապէս լաւ գիրք մը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս նիւթին առնչութեամբ հետաքրքրական բան մը ունիմ»։ Առաջին հարցումը մատնանշէ, առաջին պարբերութիւնը կարդա՛, եւ նշուած համարը բաց։ Հարցումը դարձեալ կարդա՛, եւ տանտիրոջմէն խնդրէ որ մեկնաբանէ։ Ո՛րչափ նիւթ որ յարմար է նկատի առնել՝ արծարծէ՛, թիւ ունեցող հարցումները որպէս քննարկման կէտեր գործածելով։ Մեկնելէ առաջ, ուշադրութեան յանձնէ յաջորդ հարցումը ու վերադառնալու եւ զայն քննարկելու համար՝ հաստատ կարգադրութիւններ ըրէ։ Իւրաքանչիւր շաբաթ վերադարձիր յօդուածէն մասեր նկատի առնելու համար, մինչեւ որ յաջորդ թիւը բերես։ Այլ ընտրութիւն մըն է՝ ուղղակի մօտեցումը գործածել եւ պարզապէս տանտիրոջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել։ Ապա պարբերաթերթին յօդուածը գործածէ ուսումնասիրութիւնը ցուցադրելու համար։
4. Այս յօդուածները ինչպէ՞ս կրնանք գործածել, երբ կը վերայցելենք։
4 Այս նոր յօդուածաշարքը նաեւ կրնաս ազդուօրէն գործածել՝ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներուն եւ այլ վերայցելութիւններու համար։ Կրնաս պարզապէս ըսել. «Դիտարան–ին մէջ նոր յատկանշական երեսակ մը կայ։ Թոյլ տուր որ ցոյց տամ զայն գործածելու կերպը»։ Կ’աղօթենք որ այս նոր յօդուածաշարքը շատ աւելի անհատներու օգնէ, որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։