Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 օգոստոս
«Բոլորս ալ մահուան պատճառաւ սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւը զգացած ենք։ Կը խորհի՞ս թէ այսպիսի ժամանակներուն Աստուածաշունչը կրնայ օգնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 55։22–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած կարգ մը գործնական կէտեր, սիրելիի մը մահուան դիմանալու համար»։
Aug.
«Կը խորհի՞ս թէ մարդկային կառավարութիւնները պիտի կարենան ընդհանրական ջերմացման հարցը լուծել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Երեմիա 10։23–ը։] Այս յօդուածը կարդալով պիտի ուրախանաս։ Անիկա մեր երկրագունդին սպառնացող խնդիրներուն նկատմամբ Աստուծոյ լուծումը կ’ընդգծէ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 սեպտեմբեր
«Լուրջ կենսոլորտային հարցեր պատճառ կ’ըլլան որ շատեր երկրագունդի ապագային նկատմամբ յոռետես ըլլան։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Սաղմոս 37։11–ը։] Այս պարբերաթերթը աչքառու կը դարձնէ լաւատես ըլլալու կարգ մը աստուածաշնչական պատճառներ»։
Sept.
«Դարերու ընթացքին, մահուընէ ետք կեանք ըլլալու գաղափարին շուրջ սաստիկ բանավէճեր եղած են։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ Յոբի յայտնած համոզումը։ [Կարդա՛ Յոբ 14։14, 15–ը։] Այս յօդուածները՝ մահուընէ ետք կեանքի մասին Աստուածաշունչի տեսակէտը կը ներկայացնեն»։