Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Aug. 22
«Երբեք մտահոգուա՞ծ էք որ մարդուն պատճառած ապականութիւնը անղեկավարելի դարձած է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Խնդրին գլխաւոր պատճառներէն մէկը վատնումն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ վատնող չըլլան։ [Կարդացէք՝ Յովհաննու 6։12] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւիլը ի՛նչպէս կրնայ օգնել ընտանիքներուն որ վատնելու մտայնութենէն խուսափին»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Սեպտեմբեր 1
«Ձեր կարծիքով, գերագոյն հաւատարմութիւնը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը կը շեշտէ ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը։ [Մատնանշեցէք էջ 5–ը, եւ կարդացէք Բ. Թագաւորաց 22։26] Գիտէի՞ք թէ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը մարդոց արգելք կրնայ հանդիսանալ ուրիշներու հանդէպ անսիրալիր կերպով վարուելու։ Վստահ եմ որ հաճոյք պիտի առնէք ասոր մասին ընթերցելով»։
Awake! Sept. 8
«Շատերու համար, կեանքը անորոշութեամբ լեցուած է։ [Կարդացէք՝ Ժողովողի 9։11] Ո՞ւր կրնանք վստահելի առաջնորդութիւն գտնել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ոմանք թուագիտութեան կը դիմեն։ Ձեր ապագան գիտնալու միջոցը ասիկա՞ է։ Ո՞ւր կրնաք ապագային մասին վստահելի տեղեկութիւններ գտնել։ Զարթի՛ր–ը պատասխանները կը հայթայթէ»։