Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Aug. 22
«Գիտէի՞ր թէ զբօսաշրջիկութիւնը կոչուած է աշխարհի թիւ մէկ գործատէրը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զբօսաշրջիկութեան բարգաւաճումը թէ՛ օգուտներ բերած է եւ թէ խնդիրներ յարուցանած է։ Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ արդի զբօսաշրջիկութեան դրական ու ժխտական երեսակները, եւ միջազգային ճամբորդներուն կը ներկայացնէ կարգ մը գործնական գաղափարներ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Սեպտեմբեր 1
«Ներկայ աշխարհին մէջ, հաւատարմութիւնը արժանիք մըն է որ յաճախ աւելի կը գովաբանուի, քան՝ կը գործադրուի։ Հիանալի պիտի չը՞լլար եթէ աւելի մեծ թիւով անհատներ հոս նկարագրուած բարեկամին պէս ըլլային։ [Կարդա՛ Առակաց 17։17–ն։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն հաւատարիմ ըլլալուն օգուտները»։
Sept. 8
«Հաւանաբար հիացած ես բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան վրայ։ [Յիշէ յօդուածին մէջ նշուած օրինակներէն մէկը։] Ցաւալի չէ՞ որ մարդիկ հետզհետէ նուազ կը համագործակցին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչպէս շուտով երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն պիտի բերէ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 11։9–ը։