Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Aug. 22
«Կը խորհի՞ս որ շատ կարեւոր է որ հայրեր դեր ունենան իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը քննարկէ նոր զարգացած խնդիրը՝ հայրերուն բացակայութիւնը։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ հայրեր ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ»։ Կարդա՛ Առակաց 13։1–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Սեպտեմբեր 1
«Ներկայիս մարդիկ ամուսնութեան ու զաւակներու մարզումին շուրջ բազմաթիւ աղբիւրներէ խրատ կը փնտռեն։ Արդեօք լաւագոյն խրատը ուրկէ՞ կարելի է ձեռք ձգել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Դիտարան–ի այս թիւը կը ներկայացնէ ընտանեկան կեանքին շուրջ մարդկութեան Արարիչին կողմէ հայթայթուած կարգ մը իմաստուն խրատներ»։ Կարդա՛ Սաղմոս 32։8–ը։
Sept. 8
«Կ’ենթադրուի որ մարդոց մէջ ամէն 4–էն մէկը օր մը մտային հիւանդութենէ պիտի տառապի։ Մեզմէ շատեր այսպիսի տառապեալներ կը ճանչնան։ [Բաց յօդուածը։] Այս յօդուածը օգտակար թելադրութիւններ կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել եթէ սիրելի մը այսպիսի վիճակ մը ունի»։