Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Aug.
«Կը խորհի՞ս թէ մեր մահացած սիրելիները անգամ մը եւս պիտի տեսնենք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ մեռելներուն վերաբերեալ Յիսուսի տուած խոստումը։ [Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ը։] Այս յօդուածը Աստուածաշունչին հիման վրայ կը բացատրէ թէ ի՛նչ կը պատահի մահուան ատեն»։ Էջ 28–էն սկսող յօդուածը ցոյց տուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Սեպտեմբեր 1
«Ներկայիս շատեր կրօնքով հետաքրքրուած չեն։ Կը խորհի՞ս թէ կրօնասէր ըլլալը կը նպաստէ աւելի լաւ անհատ մը ըլլալու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը նախագուշակած էր թէ վերջին օրերուն ոմանք կրօնքին առնչութեամբ հետեւեալը պիտի փնտռէին։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ճշմարիտ պաշտամունքը ի՛նչպէս Աստուած կը պատուէ եւ մեզի կ’օգտէ»։
Sept.
«Շատեր հարց կու տան թէ Աստուծոյ հաւատալը գիտակա՞ն է։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եբրայեցիս 3։4–ը։] Զարթի՛ր–ի այս մասնայատուկ թիւը կը քննարկէ այն ապացոյցները, որոնք կարգ մը գիտնականներ մղած են Ստեղծիչի մը գոյութեան հաւատալու»։