Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Aug.
Երբ պատանիի մը հանդիպիս, կրնաս ըսել. «Քու տարիքիդ շատեր բամբասանքէ վնասուած են։ Քեզի նոյն բանը պատահա՞ծ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը օգտակար խրատներ կու տայ, որոնք կրնան մեզի օգնել եթէ բամբասանքի զոհ գացած ենք։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք անձամբ խուսափիլ վնասակար շատախօսութենէ»։ Էջ 12–ի վրայ սկսող յօդուածը ցոյց տուր եւ կարդա՛ յօդուածին նշած մէկ համարը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Սեպտեմբեր 1
«Շատեր կը խորհին թէ ‘Հին Կտակարանը’ պատմական օգտակար տեղեկութիւններ կը հայթայթէ, բայց հարց կու տան եթէ անոր ուղեգծերը այժմէական են։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ‘Հին Կտակարանը’ առօրեայ կեանքի համար օգտակար խրատներ եւ ապագայի համար իսկական յոյս կը հայթայթէ»։
Sept.
«Կը խորհի՞ս թէ բնական աղէտները Աստուծոյ գործն են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ Աստուած ինչո՛ւ բնական աղէտները կը թոյլատրէ։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր ընտանիքը պաշտպանել»։