Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
July
«Շատեր կը ջանան իրենց կեանքը լաւագոյն կերպով ապրիլ եւ կը խորհին թէ բարի անհատ մը ըլլալը կարեւոր է։ Արդեօք կեանքի նկատմամբ նոյն մօտեցումը ունի՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ ի՛նչ է վտանգը եթէ բարիի նկատմամբ մեր տեսակէտը Աստուծոյ տեսակէտէն տարբեր է։ [Կարդա՛ Առակաց 14։12–ը։] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ աչքին բարի անհատ մը ըլլալ»։ Ներկայացուր էջ 20–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Օգոստոս 1
«Կը փափաքիմ Յիսուսի սա խօսքին շուրջ կարծիքդ առնել։ [Կարդա՛ Մատթէոս 5։3–ը։] Կը խորհի՞ս թէ հոգեւորութիւնը կարեւոր է երջանկութիւն ունենալու համար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ իսկական հոգեւորութեան եւ զայն ձեռք ձգելուն մասին»։
Aug.
«Քու կարծիքովդ, ծնողներ ո՞ւր կրնան իրապէս օգտակար խրատներ գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած սա խոստումը։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչը շատ գործնական խրատներ կու տայ ծնողներուն, որպէսզի երջանիկ զաւակներ մեծցնեն»։