Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Յուլիս 1
«Կը խորհի՞ս թէ բոլոր կրօնքներն ալ Աստուծոյ ընդունելի են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետաքրքրական է թէ Աստուած ի՛նչպէս հակազդեց, երբ վաղեմի Իսրայելացիները իրենց շուրջ գտնուող ազգերուն կրօնական սովորութիւնները որդեգրեցին։ [Կարդա՛ Եզեկիէլ 6։6–ը։] Այս յօդուածը սա հարցումին կը պատասխանէ. ‘Կարեւո՞ր է թէ ի՛նչպէս կը պաշտենք Աստուած’»։ Էջ 9–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
July
«Ներկայ ժամանցներուն մեծ մասը խորհրդապաշտութեան հանդէպ հետզհետէ աւելցող հետաքրքրութիւն մը կ’արտացոլացնէ։ Կը խորհի՞ս թէ խորհրդապաշտութեան միջամուխ ըլլալը վնասակար չէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10-12–ը։] Այս յօդուածը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը ոգեհարցութեան վտանգներուն մասին ի՛նչ կ’ըսէ»։ Ներկայացուր էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Օգոստոս 1
«Բոլորս ալ մահուան պատճառաւ սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւը զգացած ենք։ Կը խորհի՞ս թէ այսպիսի ժամանակներուն Աստուածաշունչը կրնայ օգնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 55։22–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած կարգ մը գործնական կէտեր, սիրելիի մը մահուան դիմանալու համար»։
Aug.
«Շատեր համոզուած են թէ աշխարհածաւալ ջերմութիւնը մեր երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող կեանքին կը սպառնայ։ Քու կարծիքովդ, այս հարցը ի՞նչպէս պիտի լուծուի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եսայի 11։9–ն։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ որպէս մարդկութեան բնակարան՝ երկրագունդին յարատեւ գոյութիւնը ինչո՛ւ կասկածի տակ չէ»։