Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
July 22
«Սրտաբեկիչ է տեսնել բնական աղէտներուն պատճառած տառապանքը։ [Հանրածանօթ դէպք մը յիշէ։] Կը խորհի՞ս թէ այսպիսի աղէտներ հետզհետէ կ’աւելնան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ այդ հարցումը, եւ կը մխիթարէ այսպիսի ողբերգութիւններու պատճառով սիրելիներ կորսնցնող անհատները»։ Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ն։
ԴԻՏԱՐԱՆ Օգոստոս 1
«Ներկայիս շատեր անարժանաւորութեան զգացումներու դէմ կը պայքարին։ Քու կարծիքով, ի՞նչպէս կարելի է անոնց օգնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ այսպիսի անհատներու օգնել որ իսկական ուրախութիւն գտնեն»։ «Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել ուրախութիւն գտնելու» յօդուածին մէջ սեւատիպ ու շեղագիր համարները աչքառու դարձուր։
Aug. 8
«Շատեր յարատեւ վախի մէջ են։ Քու կարծիքով, այս վախի մթնոլորտին պատճառը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը գործնական թելադրութիւններ կը ներկայացնէ, սովորական վտանգներէ մենք մեզ պաշտպանելու համար։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ Աստուածաշունչի խոստումը թէ վախէ զերծ աշխարհ մը պիտի գայ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 11։9–ն։