Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
July 22
«Շատեր մտահոգ են, քանի որ պոռնկագրութիւնը դիւրաւ մատչելի է։ Կը խորհի՞ք որ անոր լայնատարած ըլլալը մտահոգութեան պատճառ մըն է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչին գործնական խրատը կրնայ մեզ պաշտպանել։ [Կարդալ՝ Եփեսացիս 5։3, 4] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր անձերը պաշտպանել այս նենգ վտանգէն»։
Դիտարան Օգոստոս 1
«Գիտէի՞ք թէ տեղեկագրութեան մը համաձայն, աշխարհի բնակչութեան աւելի քան կէսը, օրական 2 տոլարէ պակաս եկամուտով կ’ապրի։ Կը խորհի՞ք որ կարելի է ասոր ճարը գտնել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Դիտարան–ի այս թիւը աղքատութեան մնայուն լուծումը կը մատնանշէ, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ»։—Կարդալ՝ Սաղմոս 72։12, 13, 16
Aug. 8
«Վերջին տարիներուն, օդին հետ առնչուած աղէտները աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ աւերումներ գործած են։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կարելի է ընել ասոր պատճառած տառապանքը թեթեւցնելու համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ օդի փոփոխութեան խնդիրը եւ ցոյց կու տայ Աստուածաշունչին նշած լուծումը»։—Կարդալ՝ Եսայեայ 35։1