Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
July 22
«Ներկայ աշխարհին մէջ, ոճրագործները յարատեւաբար նոր ծրագիրներ կը պատրաստեն անզգոյշ մարդիկը խաբելու համար։ Ասիկա քեզ կը մտահոգէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը քննարկէ մի քանի հիմնական նախազգուշութիւններ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ խաբեբայութեան զոհ չերթանք»։ Կարդա՛ Առակաց 22։3–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Օգոստոս 1
«Որովհետեւ մարդկութիւնը ա՛յսքան պառակտուած է, ոմանք կը խորհին որ միայն համաշխարհային կառավարութիւն մը կրնայ համաշխարհային խաղաղութիւնը իրագործել։ Կը կարծե՞ս թէ այսպիսի բան մը կարելի է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Դանիէլ 2։44–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայիս ի՛նչ կ’իրագործէ եւ ի՛նչպէս շուտով համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ»։
Aug. 8
«Բոլորս կը տխրինք երբ կը լսենք որ երախաներ կը շահագործուին։ Թերեւս հարց տուած ես. ‘Աստուած այս հարցով իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է’։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 72։12-14։] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ Աստուած երախաներուն հանդէպ ի՛նչ կը զգայ եւ ի՛նչպէս շուտով մնայուն հանգստութիւն պիտի բերէ շահագործութենէ տառապող բոլոր անհատներուն»։