Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ նոյեմբեր 1-16. Մասնայատուկ արշաւ՝ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը բաշխելու համար։ Նոյեմբեր 17-30. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տանտէրը ըսէ թէ զաւակներու տէր է, Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը ներկայացուցէք։ Յունուարին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը այս գիրքը ունի, կրնաք ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1992–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։ Փետրուարին. Հետեւեալ հրատարակութիւններէն մէկը ներկայացուցէք. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞, Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը կամ Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։
◼ Բոլոր հրատարակիչներուն յորդոր տրուած է որ Մնայուն փոխանորդագրի (ՄՓ) պատճեն մը ամբողջացնեն, եթէ տակաւին ասիկա չեն ըրած։ Այս ՄՓ պատճենը արեան ներարկումներ մերժելու ձեր իրաւունքը կը պաշտպանէ։ Երէցները անհատապէս օգնութիւն պիտի մատուցանեն, ի պահանջել հարկին (Տես՝ նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը)։
◼ 1 յունուար 2009–էն սկսեալ, «վերակացու տեսուչ» արտայայտութիւնը այլեւս պիտի չգործածուի։ Այս նշանակումին անուանումը պիտի ըլլայ՝ «երէցներու մարմինի համակարգող»։