Ծառայութեան Ժողովի Ծրագիրը
Նոյեմբեր 10–ով սկսող շաբաթը
Երգեցողութիւն 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծառայութեան տեսուչը թող խօսի թէ ժողովքը Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկով թաղամասը ծածկելու գործունէութեան մէջ ի՛նչ իրագործած է։ Որովհետեւ հրատարակիչներէն շատեր արդէն կ’առաջարկեն Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր–ի նոյեմբեր թիւերը, խնդրէ ներկաներէն որ խօսին թէ պարբերաթերթերը ի՛նչպէս ներկայացուցած են եւ ի՛նչ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։
15 վյրկ. ՄՇԱԿԷ ՍԻՐԱԼԻՐ ԵՒ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ՀՈԳԻ ՄԸ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 2008 թիւին վրայ, էջ 6-7 (անգլ.)։
20 վյրկ. «Բաժնելիք թանկագին գանձեր ունինք»։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներէն խնդրէ որ նշեն մասնայատուկ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որոնք զիրենք հրապուրեցին որ Եհովայի կազմակերպութեան միանան կամ զորս աւելի գնահատած են իրենց մկրտութենէն ետք։
Երգեցողութիւն 57
Նոյեմբեր 17–ով սկսող շաբաթը
Երգեցողութիւն 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Հարցումի տուփ»։
20 վյրկ. «Կրնա՛ս ուսուցիչ մը ըլլալ»։ Հարցազրոյց ունեցիր հրատարակիչի կամ ռահվիրայի մը հետ, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար անատակութեան զգացումներ յաղթահարած է։ Ան օգնութեան համար ի՞նչպէս Եհովայի ապաւինեցաւ։ Կազմակերպութիւնը ի՞նչ մասնայատուկ կերպերով իրեն օգնած է որակեալ դառնալու։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին մասնակցիլը ի՞նչպէս վարձահատոյց եղած է։
Երգեցողութիւն 143
Նոյեմբեր 24–ով սկսող շաբաթը
Երգեցողութիւն 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ նուիրատուութիւններու համար ստացուած շնորհակալական նամակը։ Նշէ դեկտեմբեր ամսուան ներկայացուելիք հրատարակութիւնը, եւ մէկ կամ երկու ներկայացում ցուցադրէ։
20 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
15 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԴԻՏԱՐԱՆ–Ի 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԵՒ ԶԱՐԹԻ՛Ր–Ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԹԻՒԵՐԸ ԱՌԱՋԱՐԿԵԼՈՒ։ Պարբերաթերթերուն ամփոփումը ներկայացուր, ապա ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան տեղական թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը աւելի շարժել։ Յօդուածները ներկայացնելու համար ի՞նչ հարցումներ ու համարներ կրնան գործածուիլ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ներկայացումի նմոյշ մը ցուցադրէ։ Երէց մը թող ցուցադրէ հակիրճ ներկայացում մը, որ պատրաստած է՝ հիմնուելով տեղական թաղամասին յարմար եղող յօդուածի մը վրայ։
Երգեցողութիւն 59
Դեկտեմբեր 1–ով սկսող շաբաթը
Երգեցողութիւն 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ժողովքին իմացուր թէ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկին բաշխումը ի՛նչ տարողութեամբ թաղամասը ծածկեց։ Ներկաներէն խնդրէ որ փորձառութիւններ պատմեն, զորս ունեցան երբ թերթիկը կը բաշխէին կամ զայն կը գործածէին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Նաեւ պատմէ քաջալերական փորձառութիւններ, որոնք կապ ունին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին հետ։ Կարելի է մէկ կամ երկու փորձառութիւն խաղարկել։
20 վյրկ. «Նորեկները պատրաստէ հակառակութիւն դիմագրաւելու»։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, հակիրճօրէն նկատի առ թէ Պատճառաբանել գրքին տեղեկութիւնները, «Եհովայի վկաներ» խորագրին ներքեւ, ի՛նչպէս կրնան Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ ազգականներու եւ բարեկամներու հարցումներուն պատասխանեն։
Երգեցողութիւն 27
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։