Յիշատակատօնին համար լիովին պատրաստուէ
Քրիստոսի հետեւորդներուն համար ի՜նչ ուրախութիւն եւ առանձնաշնորհում է լիովին պատրաստուիլ այն գիշերուան համար, երբ Յիսուս Քրիստոսի մահը կը յիշատակենք (Ղուկ. 22։19)։ Առ ի պատրաստութիւն Յիշատակատօնին համար, ի՞նչ գործնական քայլեր պէտք է առնենք։
◼ Ժամը ու վայրը։ Ամէն ոք Յիշատակատօնի տօնակատարութեան ճիշդ ժամուն ու վայրին պէտք է տեղեակ ըլլայ։ Եթէ մէկէ աւելի ժողովքներ պիտի գործածեն միեւնոյն Թագաւորութեան սրահը, կարեւոր է որ ճիշդ ատենին ժամանենք եւ կարգապահօրէն մեկնինք, քանի որ տօնակատարութիւններուն միջեւ յատկացուած ժամանակը կարճ է։ Ջանք պէտք է թափուի, որպէսզի նախասրահին կամ մուտքին, մայթերուն վրայ եւ կառատունին մէջ անհարկի խճողում չըլլայ։
◼ Հրաւիրագիրներ։ Բոլոր հրատարակիչները բաւարար քանակով հրաւիրագիրներ ունի՞ն, եւ բովանդակութեան ծանօ՞թ են։ Հրաւիրագիրը ներկայացնելու կերպը փորձ ըրա՞ծ ես։ Զայն որո՞ւ պիտի ներկայացնես։ Ամէն ջանք պէտք է թափուի բոլոր հրաւիրագիրները ներկայացնելու համար։
◼ Փոխադրութիւն։ Հետաքրքրուած անհատներէն ոմանք եւ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր, փոխադրութեան միջոցի կամ այլ օգնութեան կարիք կրնան ունենալ։ Անոնց կարիքներուն հոգ տանելու համար ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են։
◼ Խորհրդանիշներ։ Վստահ եղէք որ խորհրդանիշները արեւամուտէն ետք հրամցուին։ Կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան խորհրդանիշները հրամցնելու ոեւէ օծեալի, որ անկողինի դատապարտուած է ու չի կրնար ներկայ գտնուիլ։ Առիթին յարմար հացն ու գինին պէտք է ձեռք ձգուին ու պատրաստ ըլլան (տե՛ս Դիտարան–ի 1 մարտ 2003 թիւը, էջ 10-11, պարբերութիւն 14, 17)։
◼ Թագաւորութեան սրահ։ Սրահը կանխաւ ամբողջովին պէտք է մաքրուի։ Յարմար սեղան, սփռոց, ամաններ ու գաւաթներ, նախապէս սրահ պէտք է բերուին ու իրենց տեղերը դրուին։ Եթէ այլ ժողովասրահ մը պիտի գործածուի, վստահ եղէք որ յարմար ձայնային սարքեր կան, որպէսզի բոլոր ներկաները կարենան դասախօսը լսել։ Հիւրընկալները եւ խորհրդանիշները հրամցնողները պէտք է նախապէս ընտրուին ու անոնց հրահանգներ տրուին իրենց պարտականութիւններուն, հետեւելիք յարմար գործելակերպին, եւ վայելուչ հագուելակերպի ու յարդարանքի կարեւորութեան նկատմամբ։
Այս կարեւորագոյն առիթին, Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին, կ’ուզենք անհատապէս եւ որպէս ժողովք լիովին պատրաստուած ըլլալ։ Վստահաբար, Եհովա առատօրէն պիտի օրհնէ բոլոր զանոնք, որոնք սրտանց կը գնահատեն մարդկութեան ի նպաստ Իր հայթայթած բոլոր բաները, որոնք կարելի դարձան իր սիրելի Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհին շնորհիւ։