Յիշատակատօնի վերաբերեալ յիշեցումներ
Այս տարի Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի Ապրիլ 2–ին։ Երէցները հետեւեալ կէտերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն.
◼ Տօնակատարութեան ժամը որոշելու ատեն, վստահ եղէք որ խորհրդանիշները արեւնամուտէն ետք հրամցուին։
◼ Բոլորը, դասախօսն ալ ներառեալ, տօնակատարութեան ճիշդ ժամուն ու վայրին տեղեակ պէտք է ըլլան։
◼ Առիթին յարմար հացն ու գինին պէտք է ձեռք ձգուին ու պատրաստ ըլլան։—Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 2003, էջ 10-11։
◼ Յարմար սեղան, սփռոց, ամաններ ու գաւաթներ, նախապէս սրահ պէտք է բերուին ու իրենց տեղերը դրուին։
◼ Թագաւորութեան Սրահը կամ այս հաւաքոյթին համար յատկացուած որեւէ վայր, կանխաւ ամբողջովին պէտք է մաքրուի։
◼ Հիւրընկալները եւ խորհրդանիշները հրամցնողները պէտք է նախապէս ընտրուին ու անոնց հրահանգներ տրուին իրենց պարտականութիւններուն, հետեւելիք յարմար գործելակերպին, եւ վայելուչ հագուելակերպի ու յարդարանքի կարիքին նկատմամբ։
◼ Կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան խորհրդանիշները հրամցնելու ոեւէ օծեալի, որ անկողինի դատապարտուած է ու չի կրնար ներկայ գտնուիլ։
◼ Եթէ մէկէ աւելի ժողովքներ պիտի գործածեն միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը, ժողովքներուն միջեւ լաւ համագործակցութիւն պէտք է ըլլայ, որպէսզի նախասրահին կամ մուտքին մէջ, մայթերու վրայ եւ կառատունին մէջ անհարկի խճողում չըլլայ։