Մարտ 23–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՄԱՐՏ 23–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգեցողութիւն 195
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 3 պարբ. 1-7, էջ 29–ի շրջանակը
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ծննդոց 47-50
Թիւ 1. Ծննդոց 48:1-16
Թիւ 2. Բանսարկուէն պէ՞տք է վախնանք
Թիւ 3. Օգնութիւն՝ Աստուծոյ հրեշտակներէն (lr գլուխ 11)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգեցողութիւն 14
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
10 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԴԻՏԱՐԱՆ–Ի 1 ԱՊՐԻԼ ԹԻՒԸ ԱՌԱՋԱՐԿԵԼՈՒ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Պարբերաթերթին ամփոփումը ներկայացնելէ ետք, ներկաներէն խնդրէ որ նշեն, թէ թաղամասին մէջ ո՛ր յօդուածները ուշադրութեան պիտի յանձնեն եւ ինչո՛ւ։ Ի՞նչ հարցումներ ու համարներ պիտի գործածեն։ Ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս պարբերաթերթը կրնանք առաջարկել։ Նաեւ ցուցադրէ թէ վերայցելութեան ընթացքին ի՛նչպէս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
10 վյրկ. ՅԱՐԳԱՆՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ, ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼՈՎ ԵՒ ՏԱՆՏԻՐՈՋ ԿԱՐԾԻՔԸ ՀԱՇՈՒԻ ԱՌՆԵԼՈՎ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Ծառայութեան դպրոց գրքին վրայ, էջ 186-187։ Ցուցադրութեան մը միջոցով ցոյց տուր ներկայացուած խրատներուն կիրարկումը։ Յետոյ ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ինչո՛ւ հրատարակիչին մօտեցումը ազդու էր։
Երգեցողութիւն 63