Մեր աշակերտներուն համար ‘մեր անձերը տանք’
1. Աստուածաշունչի աշակերտի մը օգնելու համար ի՞նչ պահանջուած է։
1 Աստուածաշունչի աշակերտի մը օգնելու համար որ նուիրումի քայլին հասնի, անոր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կանոնաւորաբար վարելէն աւելին պահանջուած է։ Պօղոս առաքեալ իր ուսուցանած անհատներուն հետ վարուեցաւ՝ ինչպէս որ դայեակ մը իր երեխաներուն հետ կը վարուի։ Մենք ալ յօժար ենք «մեր անձերը» տալու, մեր աշակերտներուն օգնելու որ հոգեւորապէս աճին (Ա. Թես. 2։8, 9)։
2. Ինչո՞ւ անձնական հետաքրքրութիւն պէտք է ցուցաբերենք, եւ ի՞նչպէս։
2 Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։ Մինչ Աստուածաշունչի աշակերտ մը իր սորվածը կը կիրարկէ, իր խղճմտանքը զինք պիտի մղէ որ դադրի սերտօրէն ընկերակցելէ անոնց հետ, որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն չեն ենթարկուիր (Ա. Պետ. 4։4)։ Թերեւս անոր ընտանիքը զինք լքէ (Մատ. 10։34-36)։ Ստեղծուած զգացական պարապութիւնը կրնանք որոշ չափով լեցնել, ջերմ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով։ Փորձառու միսիոնար մը կը յանձնարարէ. «Ուսումնասիրութիւնը լրանալէ ետք, անմիջապէս մի՛ մեկնիր։ Եթէ յարմար է, պահ մը խօսակցէ»։ Աշակերտիդ գործնական օգնութիւն մատուցանելու առնչութեամբ արթո՛ւն եղիր։ Օրինակ՝ կրնա՞ս իրեն հեռաձայնել կամ այցելել երբ հիւանդ է։ Կրնա՞ս ժողովներուն ընթացքին աշակերտիդ քով նստիլ եւ անոր զաւակները հոգալ, եթէ յարմար է։
3. Ի՞նչպէս կրնանք օգնել մեր աշակերտին, որ ժողովքէն քաջալերութիւն ստանայ։
3 Ժողովքին միջոցաւ օգնութիւն։ Եթէ աշակերտիդ տան մօտերը կը ծառայես, ինչո՞ւ կարճ այցելութիւն մը չտաս՝ ծառայակիցդ անոր ծանօթացնելու համար։ Երբ յարմար է, ատեն–ատեն հրաւիրէ տարբեր հրատարակիչներ, ի ներառեալ՝ երէցներ, որ ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուին։ Նաեւ, անմիջապէս որ ուսումնասիրութիւն մը հաստատես, Աստուածաշունչի աշակերտդ քաջալերէ, որ Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուի։ Ասիկա ընելով ան կերտիչ ընկերակցութիւն պիտի վայելէ ժողովքի անդամներուն հետ, որոնք իր հոգեւոր ընտանիքը կրնան դառնալ (Մար. 10։29, 30. Եբ. 10։24, 25)։
4. Մեր ջանասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնայ վարձատրուիլ։
4 Հոգեւոր գետնի վրայ իր զաւակներուն անխոնջօրէն աջակցող ծնողը մեծապէս կ’ուրախանայ, երբ անոնք Եհովայի կողքին դիրք բռնեն եւ ճշմարտութեան մէջ քալեն (Գ. Յովհ. 4)։ Նոյնանման ուրախութիւն կրնանք վայելել, մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու համար մեր անձերը տալով։