Դեկտեմբեր 28–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 28–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգեցողութիւն 95
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 14 պարբ. 15-19, էջ 167–ի շրջանակը
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յեսու 12-15
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
□ Ծառայութեան ժողով
Երգեցողութիւն 21
5 վյրկ. Ծանուցումներ։ Ուշադրութեան յանձնէ՝ «Պատրա՞ստ ես մեր ժողովներուն մէջ Եհովայի երգելու» յօդուածը։ Բոլորը քաջալերէ, որ յունուարէն սկսեալ իրենց հետ բերեն նոր երգարանը։
10 վյրկ. Ի՛ՆՉՊԷՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ։ Քննարկում ներկաներուն հետ, ժողովքի թաղամասին մէջ սովորական եղող առարկութիւններուն շուրջ։ Պարփակէ հակիրճ ցուցադրութիւն մը, գործածելով սովորական առարկութիւններէն մին (տե՛ս Պատճառաբանել գիրքը, էջ 64-68 [էջ 336-339, արաբ.])։
10 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԻԼ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ առաջարկելու յատկացուած օրուան թուականը ծանուցանէ։ Ժողովքը ի՞նչ իրագործած է, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ առաջարկելով։ Ռահվիրայէ կամ հրատարակիչէ մը խնդրէ, որ նշէ կամ ցուցադրէ ներկայացում մը, որ ժողովքի թաղամասին մէջ ազդու եղած է։
10 վյրկ. ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵԼԻՔ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։ Հակիրճօրէն աչքէ անցուր հրատարակութեան կարգ մը երեսակները։ Հրատարակիչի մը հետ քննարկէ կերպեր, որոնցմով կարելի է անպաշտօն վկայութեան ընթացքին տուեալ հրատարակութեամբ սկսիլ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Բոլորը քաջալերէ որ նպատակակէտ դնեն՝ այս ամիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
Երգեցողութիւն 14