Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Եթէ տանտէրը երեխաներ ունի, առաջարկեցէք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը։ Յունուարին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք ներկայացնել։ Փետրուարին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Հրատարակիչները կրնան նաեւ ներկայացնել՝ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը կամ Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, երբ գիրքը ներկայացնէք կամ եթէ տանտէրը արդէն ունի զայն։
◼ 2011 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, ապրիլ 17–ին, արեւամուտէն ետք։ Այս ծանուցումը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ քանի մը ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիք ունին։
◼ Իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով 2010–ի Յիշատակատօնի հրաւիրագիրները շուտով պիտի ուղարկուին։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրագիրներ ունենալ, անմիջապէս զանոնք ապսպրեցէք, գործածելով jw.org ցանցակայքը կամ Հրատարակութիւններու ապսպրանքի պատճէն–ը (S-14)։ Ամէն ամիս ժողովքներուն յղուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն» նամակին մէջ պիտի նշուի, թէ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ի՛նչ լեզուներով մատչելի է։
◼ 2010–ի մարտ 1–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան մէջ նկատի պիտի առնուի Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Անոր կարիք ունեցող ժողովքը, անյապաղ քանակ մը պէտք է ապսպրէ։