Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Օգոստոս 2009–ի տեղեկագիրը ցոյց տուաւ նոր յատկանշական իրադարձութիւն մը Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին աստուածպետական յառաջդիմութեան մէջ։ Մեր մասնաճիւղին նշանակուած բոլոր երեք թաղամասերուն մէջ արձանագրուեցան Թագաւորութեան հրատարակիչներու նոր բարձրագոյն թիւեր։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, հրատարակիչներու թիւը՝ 1,154,275, 48,165–ով կը գերազանցէ յուլիս 2009–ին ձեռք ձգուած բարձրագոյն թիւը՝ 1,106,110։ Արդարեւ, Եհովա ‘կը փութացնէ գործը՝ իր ժամանակին’ (Եսա. 60։22)։