Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 դեկտեմբեր
«Այնպէս կը թուի, թէ ընտանիքներ հետզհետէ աւելի ճնշումի կ’ենթարկուին։ Քու կարծիքովդ, ընտանիքներ ի՞նչպէս պիտի ազդուին եթէ անդամները ջանան Յիսուսի հետեւեալ կեցուածքը ընդօրինակել։ [Կարդա՛ Մատթէոս 20։28–ը, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ հինգ դասեր, զորս ընտանիքներ կրնան Յիսուսի օրինակէն սորվիլ»։ Էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 յունուար
«Կը խորհի՞ս որ օրին մէկը Աստուած համայն աշխարհի մէջ տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ այս աստուածաշնչական խոստումը, որ յուսալու պատճառ կու տայ մեզի։ [Կարդա՛ էջ 7–ի վրայ նշուած համարներէն մէկը։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչին միջոցաւ ցոյց կու տայ, թէ Աստուած ե՛րբ եւ ի՛նչպէս ամէն տառապանք պիտի չքացնէ»։