Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/10 էջ 2-3
  • Ուրիշներ քեզ դիտելով ի՞նչ կը սորվին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշներ քեզ դիտելով ի՞նչ կը սորվին
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծառայութիւնդ ամբողջովին կը կատարե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Յիսուսի օրինակին հետեւէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Նորեկները մարզել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Մեր ծառայութեան մէջ աւելնանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 4/10 էջ 2-3

Ուրիշներ քեզ դիտելով ի՞նչ կը սորվին

1. Յիսուսի աշակերտները զինք դիտելով ի՞նչ սորվեցան։

1 Յիսուս ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք» (Մատ. 11։29)։ Բացայայտօրէն, ան ուրիշներուն սորվեցուց՝ լաւ օրինակ մը հանդիսանալով եւ ոչ լոկ խօսքերով։ Խորհէ թէ աշակերտները ի՛նչ սորվեցան Յիսուսը դիտելով։ Ան մեղմաբարոյ, քաղցր ու սիրառատ էր (Մատ. 8։1-3. Մար. 6։30-34)։ Ան իսկապէս խոնարհ էր (Յովհ. 13։2-5)։ Մինչ ծառայութեան մէջ Յիսուսի կ’ընկերակցէին, աշակերտները տեսան թէ ան անխոնջ աշխատող մըն էր, որ ազդու կերպով ճշմարտութիւնը ուրիշներուն կը սորվեցնէր (Ղուկ. 8։1. 21։37, 38)։ Ուրիշներ ինչպէ՞ս կ’ազդուին, երբ ծառայութեան մէջ մեզ կը դիտեն։

2. Ծառայութեան մէջ մեր ընտիր վերաբերմունքը ինչպէ՞ս տանտէրներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ։

2 Տանտէրներ։ Մեր համեստ հագուելակերպը, վայելուչ կենցաղավարութիւնը եւ մարդոց հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւնը, կրնան տանտէրներուն վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ (Բ. Կոր. 6։3. Փլպ. 1։27)։ Անոնք կը նկատեն թէ Աստուածաշունչը յաճախ կը գործածենք։ Ուրիշներ լաւ կը տպաւորուին, երբ յարգանքով իրենց խօսածը մտիկ ընենք։ Երբեք մի՛ թերագնահատեր որ այս մարզերուն մէջ լաւ օրինակ հանդիսանալը կրնայ մարդիկը Թագաւորութեան պատգամին հրապուրել։

3. Մեր եղբայրներուն վրայ ի՞նչ դրական ազդեցութիւն կրնանք ունենալ։

3 Մեր եղբայրները։ Նաեւ խորհէ այն դրական ազդեցութեան մասին, զոր կրնանք ունենալ մեր եղբայրներուն վրայ։ Ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը փոխանցիկ է։ Ինչպէս որ երկաթը երկաթով կը սրուի, մեր լաւ պատրաստուած բացումները կը խթանեն ուրիշները, որ իրենց աւետարանելու հմտութիւնները սրեն (Առ. 27։17)։ Հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն մասին ճշգրիտ արձանագրութիւն պահելու եւ արագօրէն վերադառնալու մէջ մեր ջանասիրութիւնը, ուրիշները կը մղէ նոյնը ընելու։ Մեր ծառայութիւնը լիուլի կատարելով, մեր ընկերակիցներուն վրայ օգտակար ազդեցութիւն պիտի ունենանք (Բ. Տիմ. 4։5)։

4. Ինչո՞ւ մեր օրինակը պարբերաբար պէտք է վերլուծենք։

4 Ինչո՞ւ պարբերաբար չվերլուծես, թէ ի՛նչ կ’ընես ու կ’ըսես եւ օրինակովդ ինչպէ՛ս ուրիշներուն կ’ազդես։ Մեր լաւ օրինակը Եհովան պիտի հաճեցնէ եւ մեզ կարող պիտի դարձնէ, որ Պօղոս առաքեալի նման ըսենք. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կոր. 11։1)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել