Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ օգոստոս. Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը կամ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը։ Եթէ այս գրքոյկները մատչելի չեն, կրնաք որեւէ 32–էջնոց գրքոյկ ներկայացնել, բացի՝ Արիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փրկել ձեր կեանքը, Եհովայի վկաները եւ ուսումը եւ Եհովայի վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկներէն։ Սեպտեմբեր. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Առաջին հանդիպումին՝ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր. Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Աչքերդ հեռացուր սնոտի բաներ տեսնելէ»։