Դաշտի ծառայութեան վերաբերող ուշագրաւ կէտեր
Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապրիլ ամսուան ընթացքին, աւելի քան 1,1 միլիոն հրատարակիչներ աւելի քան 6,2 միլիոն վերայցելութիւններ ըրին։ Ասկէ զատ, 2227 անհատներ մկրտուեցան, Եհովայի իրենց ըրած նուիրումը խորհրդանշելով։ Եւ 23 նոր ժողովքներ կազմուեցան։ Նաեւ ուրախութեամբ կը տեղեկագրենք, թէ Թըրքս եւ Գայգըս Կղզիներուն մէջ աճումը կը շարունակուի։ Ապրիլին՝ աննախընթաց վեց նոր բարձրագոյն թիւեր արձանագրուեցան։ Օրինակ՝ 250 հրատարակիչները վարեցին 710 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։ Ի՜նչ ուրախութիւն է մասնակցիլ Եհովայի հոգեւոր մեծ հունձքին։