Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ յուլիս եւ օգոստոս. Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ կամ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ինչպէ՞ս կրնաք գտնել զայն գրքոյկը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
◼ Եհովային գովերգենք (ձայնային կատարում)–ի 5–րդ խտասկաւառակը օգոստոս 1–ին լոյս պիտի տեսնէ։ Կրնաք jw.org ցանցակայքէն զայն բեռնել։ Ատիկա նախ անգլերէնով մատչելի պիտի ըլլայ, ապա՝ այլ լեզուներով։ Խտասկաւառակները կարելի է ժողովքին միջոցաւ խնդրել։ Սակայն, կը քաջալերենք բոլոր անոնք՝ որոնք կարելիութիւն ունին, որ ցանցակայքէն բեռնեն խտասկաւառակը, քանի որ աւելի նուազ ծախքի կը նայի քան՝ զանիկա արտադրելը եւ առաքելը։ Առաջին չորս խտասկաւառակները արդէն լոյս տեսած են։