Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ օգոստոս. Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ կամ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ինչպէ՞ս կրնաք գտնել զայն գրքոյկը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր. Հրատարակիչները կրնան հետեւեալ թերթիկներէն մէկը ներկայացնել. Ինչո՛ւ կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ կամ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Աստուծոյ հետ քալելը օրհնութիւններ կը բերէ հիմա եւ յաւիտեան»։