Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ մարտ եւ ապրիլ. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Մայիս եւ Յունիս. Հրատարակիչները կրնան հետեւեալ թերթիկներէն մէկը ներկայացնել. Ինչո՛ւ կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ կամ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 26 մարտ 2013–ին։ Եթէ այդ օրը ձեր ժողովքը սովորաբար ժողով կ’ունենայ, անիկա պէտք է կայացուի շաբթուան ուրիշ մէկ օրուան մէջ, եթէ Թագաւորութեան սրահը մատչելի է։ Եւ եթէ Ծառայութեան ժողովը չեղեալ պիտի ըլլայ, երէցներու մարմինի համակարգողը թերեւս յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէ, որպէսզի յատկապէս ժողովքին կիրարկուող բաժինները նկատի առնուին ուրիշ մէկ շաբթուան ընթացքին։ Այն ժողովքները, որոնք շրջանային տեսուչի այցելութիւնը ունին, պէտք է այցելութեան շաբթուան ուրիշ մէկ օրը վարեն այն ժողովները որոնք սովորաբար երեքշաբթի օրը տեղի կ’ունենան։